Աֆրինի Քաֆար Ճաննէ շրջանին մէջ ծառայող Կարմիր մահիկի բուժկէտի տնօրէն Մուհամմէտ Համմուշ յայտնած է, որ Աֆրին քաղաքն եւ անոր յարակից շրջանները դարձած են ապրելու անհրաժեշտ պայմաններէ բոլորվին զուրկ եւ մատնուած՝ մարդասիրական վատթարագոյն վիճակի:
«Սփութնիք»ին խօելով, Համմուշ նաեւ նշած է, որ դէպի Աֆրին գաղթի մեծ հոսք կայ, որոշ գիւղեր նոյնիսկ ամբողջովին տեղահանուած են դէպի քաղաք եւ հրետակոծութենէ հեռու գտնուող վայրեր:
Ան նաեւ պարզած է, որ ժամանակ առ ժամանակ մահացածներու թիւի աճ կը գրանցուի՝ վիրաւորները բուժելու անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով, աւելցնելով, որ շրջանին մէջ գործող Կարմիր մահիկի կեդրոններն ու հիւանդանոցները չեն ապահովուիր դեղորայքով եւ բուժագնութեան պարագաներով: