image

92 օրէ ի վեր քիւրտ գործիչին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ

92 օրէ ի վեր քիւրտ գործիչին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ

92   օրէ ի վեր քիւրտ գործիչ Խուրշիտ Քուլթէրի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Թուրքիոյ   ընդդիմադիր    աղբիւրներ կը գրեն, որ  Խորշիտ առեւանգուած է իր քաղաքական   կեցուածքներուն համար:  Նշենք, որ  անցնող 27 մայիսին անյետացած Խորշիտ Քալթ կը վարէր   քրտամէտ   Տէմոքրատական   DBP կուսակցութեան Շըրնաք շրջանի համակարգողի պաշտօն: Խորշիտի ծնողները տարբեր առիթներով յայտարարութիւն կատարած  են՝   իշխանութիւններէն   պահանջելով արագօրէն   բացայայտել իրենց զաւակին ճակատագիրը: Անոր  մայրը    հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով մասնաւորապէս ըսած է. «Ինչ ալ ըլլայ պարագան,  ես զաւակիս ճակատագիրը գիտնալ կ'ուզեմ, ողջ   կամ մահացած, ես իմ  զաւակս կ'ուզեմ»,- ըսած  է ան: Նշենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիական մէկէ աւելի մարմիններ եւ յատկապէս «Շաբաթ օրուան  մայրեր» միութիւնը    Խորշիտ  Քուլթէրի    նկարներով բողոքի երթեր կատարած են: Անոնք կը պահանջեն քիւրտ     անյետացած  գործիչին ճակատագրին     բացայայտումը: