Ինը ամիս դադարէ ետք թրքական Turkish Airways-ը վերսկսաւ թռիչքներ իրականացնել, դէպի եգիպտական Շարմ Ալ Շէյխ: Թրքական ընկերութեան մէկ բանբերը այս մասին խօսելով նկատել տուած է, որ դէպի Շարմ Ալ Շէյխ մեկնող ուղեւորուն մեծ մասը ռուս զօբօսաշրջիկներ են: Նշենք, որ թրքական օդանաւային ընկերութիւններ, ինչպէս տասեակ այլ ընկերութիւններ անցնող հոկտբերէն ի վեր ապահովական մտավախութիւններով դադրեցուցած էին դէպի Եգիպտոս բոլոր թռիչքները: 31 Հոկտեմբեր 2015-ին Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը լարուած ականով մը պայթեցուցած էր ռուս զբօսաշրջիկներ փոխադրող ռուսական Metrojet ընկերութեան Airbus A321 224 տիպի օդանաւ մը, պատճառ հանդիսանալով բոլոր 224 ուղեւորներուն ողբերգական մահուան: