ՄԱԿ-ի Փախստականներու գերագոյն յանձնակատարը յայտարարած է, որ փախստականներուն համար նախատեսուած տարածաշրջանային նոր նախագիծի արժէքը պիտի կազմէ 4,4 միլիառ տոլար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Յանձնակատարի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախագիծի հեղինակներն են ՄԱԿ-ը եւ ոչ պետական այլ կազմակերպութիւններ, եւ նպատակ ունի աւելի քան 5 միլիոն սուրիացի փախստականներու եւ դրացի երկիրներու մէջ զանոնք հիւրընկալած ընտանիքներուն օժանդակութիւն ցուցաբերել:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ հակառակ շրջակայ երկիրներու ցուցաբերած առատաձեռնութեան, սակայն սուրիացի փասխտականներու եւ զանոնք հիւրընկալած ընտանիքներու վիճակը աղքատութեան սահմանագիծէն վար է:
Ըստ նախատեսուածին, մօտ 270 փաստացի գործընկեր կազմակերպութիւններ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նշուած նախագիծին: