image

10 անձեր մեկուսաուած են. Նախարար Թորոսեան

10 անձեր մեկուսաուած են. Նախարար Թորոսեան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան 12 Մարտին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ նոր պսակաւոր ժահրի հաստատուած 4 դէպք կայ:

«Հիւանդները «Նորք ինֆեկցիոն կլինիկական հիւանդանոց»-ի մէջ են: Անոնցմէ 3-ը այս պահուն գանգատեներ չունին, թէեւ դիմելու պահուն ունեցած են ջերմութիւն: Այս պահուն միայն 1-ն ունի գանգատներ, աջակողմեան թոքաբորբ: Ան կը ստանայ բուժում, մնացած հիւանդները բուժում չեն ստանար»,- ըսած է նախարարը:

Թորոսեան նշած է, որ Իտալիայէն ժամանած 3 հիւանդներուն հետ շփուած անձերու յայտնաբերման եւ մեկուսացման նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացուին.

«Արդէն 10 անձ մեկուսացուցած ենք յատուկ պահման վայրի մէջ, ուր ունէինք եւս 31 հոգի: Աշխատանքներ կ՛իրականացուին նաեւ անոնց բնակավայրերու մէջ, հնարաւոր է` այնտեղից եւս մարդոց մեկուսացում տեղի ունենայ»:

Անոր խօսքով` կանխարգելիչ միջոցառումները ամբողջ հանրապետութեան մէջ կը շարունակուին: