image
Հրատապ լուրեր:

1 Յունուարին Հայաստանի մէջ ծնած է 111 երեխայ. Լուսանկարին մէջ Յովհաննէսն է 2021-ի առաջին ծնունդը

1 Յունուարին  Հայաստանի  մէջ ծնած է 111 երեխայ. Լուսանկարին մէջ Յովհաննէսն է 2021-ի  առաջին ծնունդը

Լուսանկարին մէջ Յովհաննէսն է,  որ ծնած է Հայաստան Նոր տարուայ առաջին իսկ օրը։

2021-ի տարեմուտին ԵՈՒՆԻՍԵՖ կրկին կը տօնէ նոր կեանքը՝ մանկան ծնունդը։ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գնահատումով, նոր տարուայ առաջին իսկ օրը, աշխարհի մէջ ծնած է 371,504 երեխայ։ Այս փոքրիկներէն աւելի քան 111-ը ծնած է Հայաստան:

2021-ի առաջին փոքրիկը, հաւանաբար, ծնած է խաղաղովկիանոսեան Ֆիճիի, իսկ օրուայ վերջին ծնունդը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

1 Յունուարին աշխարհի մէջ ծնած 371,504 փոքրիկներու 0,03 տոկոսը լոյս աշխարհ եկած է Հայաստան։ Անոնց կեանքի ակնկալուող միջին տեւողութիւնը կը կազմէ 88 տարի։

«Բոլորիս համար շատ բարդ տարի էր, եւ չկայ այդ էջը թերթելու աւելի լաւ տարբերակ, քան տօնել նոր ծնունդները, վերականգնել դրական ոյժը եւ վերահաստատել Հայաստանի եւ աշխարհի բոլոր փոքրիկներու համար աւելի լաւ աշխարհ կերտելու մեր յանձնառութիւնը», – նշեց Հայաստանի մօտ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ՝ Մարիան Քլարք-Հաթինկ։ «Անցեալին թողնելով 2020 թուականի դժուարութիւնները, ժամանակն է 2021-ին առաջնահերթութիւն դարձնել նոր հնարաւորութիւններն ու լուսաւոր ապագայի յոյսը՝ իւրաքանչիւր երեխայի համար»։