44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու հարազատները այսօր` Մայիս 18-ին, հաւաքուած են Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան շէնքին մօտ:
Զոհուածներու ծնողները կը պահանջեն բացատրութիւն` զինուորական քրէական գործերով քննիչի անգործութեան վերաբերեալ: Դատախազը ցուցում տուած է քննիչին կատարել քննչական գործողութիւններ, մինչդեռ, ըստ ծնողներուն` քննիչը անգործութիւն դրսեւորած է:
Նշենք, որ երէկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ձերբակալելու պահանջով Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւն եկած էին 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու այն ծնողները, որոնք վերջերս զոհուած զինուորներու մահուան դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործով տուժողի իրաւայաջորդի կագավիճակ ստացած են:
Տուժողի իրաւայաջորդները քրէական գործով հարցաքննուելէ յետոյ տեղեկացուցած էին, որ Նիկոլ Փաշինեանը ձերբակալելու իրենց միջնորդութիւնը զինուորական դատախազութիւնը մերժած է, իսկ որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու եւ հարցաքննութեան հրաւիրելու միջնորդութիւններու լուծումը` յետաձգած: Ծնողները վրդովեցուցած է այդ որոշումը, կոմիտէին մէջ իրավիճակը այնքան լարուած էր, որ, ըստ ծնողներուն` աշխատակիցներուն կողմէ իրենց հասցէին հնչած էին վիրաւորական արտայայտութիւններ եւ հայհոյանքներ:
Ծնողները ի նշան բողոքի` փակած էին Կոմիտէի զինուորական վարչութեան շէնքի յարակից Պապայեան փողոցը: Այնուհետեւ ծնողները գացած էին Գլխաւոր դատախազութիւն եւ նոր հիմքերով, սակայն նոյն պահանջով եւս մէկ միջնորդութիւն ներկայացուցած էին Գլխաւոր դատախազին, պնդելով, որ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է անյապաղ ձերբակալուի: Միջնորդութեան հիմքը, ըստ ծնողներուն, այն է, որ Ապրիլ 13-ին Ազգային ժողովի ամպիոնէն Փաշինեանը ըսած է, որ կրնային կանխել պատերազմը, որու հետեւանքով կ'ունենայինք այս նոյն վիճակը, սակայն առանց զոհերու: