Զոհուած զինծառայողներու թիւը կրնայ փոխուիլ, մենք ունինք անհետ կորսուածներ եւս՝ «իքս» քանակի, եւ անոնց յայտնաբերելէ կամ ճշդելէ ետք պարզ կ'ըլլայ մահացածները, անհետ կորսուածները կամ գերեվարուածները քանիի հոգի են: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է ՔՊ-ական Անդրանիկ Քոչարեանը։
«Թիւն ամբոջութեամբ չի հրապարակւում, որովհետեւ հրապարակուած 105-ի մէջ կան դիակներ, որոնք գտնւում են այնպիսի տարածքում, որը դեռ չի տեղափոխուել մեր տնօրինման տարածք» , -ըսած է Անդրանիկ Քոչարեան։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին յայտարարեց, թէ, այսօրուայ դրութեամբ, զոհերու թիւը 135 է։