Անկիւնադարձային եղաւ Զօհրապ Տէօքմէճեանի համար Հայաստան հասատատուիլը ու այդ առումով ալ «Արեւելք»ին ուշագրաւ տուեալներ հաղորդեցին անոր դուստրերը մասնաւորապէս նշելով՝ «Մեր հայրիկին համար Հայաստան հաստատուելու փափաքը միշտ կը հոլովէինք միասին, երբ այլեւս մենք չափահաս դարձանք: Ինք ալ յօժար էր: Իսկ 2020-ին երբ հաստատուեցանք, հակառակ իր հիւանդութեան բերումով յառաջացած անյարմարութեան ու իր անստոյգ պատասխաններուն, միշտ երբ հարցնէինք եթէ կը փափաքի Լիբանան վերադառնալ թէ հոս մնալ, հաստատապէս կ'ընտրէր Հայաստան մնալը»։
Հայրենադարձութիւնը իրականութիւն դարձնելէ ու ընտանեօք Երեւան հաստատուելէ ետք մեզմէ առ յաւէտ հեռացաւ Զօհրապ Տէօքմէճեանը։ Հալէպի մէջ իր աչքերը 1947-ին բացած մեր հայրենակից, որ իր կեանքի մեծ մասը անցուցած է Լիբանանի մէջ հանդիսացած է հայկական շրջանակներուն մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն։
Մարդ, որ օգտակար էր բոլորին իսկ նուազագոյն պարագային եթէ չկարողանար ինչ որ բանով օգնել, իր դրական շեշտերով եւ լաւատեսութեամբ դարձած էր բոլորին համար սիրելի մարդ։
Հանգուցեալի անցած ճանապարհին եւ կենսագրական հիմնական գիծերուն մասին «Արեւելք» իմացաւ իր հարազատներէն եւ այդ բոլորը կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Զօհրապ Տէօքմէճեան ծնած էր Հալէպ, 1947-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի, ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի, իսկ աւարտական տարին եղած է Պէյրութ «Արմէն Ղարիպ»ի վարժարանին մէջ։
Վաղ հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ Պէյրութի հայահոծ Սիսի շրջանին մէջ, իսկ աւելի ուշ եւ 20 տարիներու ընթացքին աշխատակցած է Պէյրութի «Զարթօնք»ին որպէս օգնական խմբագիր։ Անոր գրութիւնները պարբերաբար լոյս տեսած են «Արարատ»ի մէջ։
Զօհրապ Տէօքմէճեանի կեանքին մէջ շրջադարձային եղած է անոր ամուսնութիւնը Պերթա Տաղլեանին հետ։ 1980-ին անոնք ծանօթացած են «Զարթօնք»ի շրջանակներուն մէջ, իսկ 1981-ին ամուսնացած են եւ ունեցած են 2 դուստրեր: Ան եղած է կնամեծար եւ միշտ ալ քաջալեր կանգնած իր կնոջ աշխատանքներուն առընթեր։ Եղած է հոգատար ոչ միայն իր զաւակներուն, այլ՝ բոլոր հարազատներուն զաւակներուն:
Անկիւնադարձային եղաւ Զօհրապ Տէօքմէճեանի համար Հայաստան հասատատուիլը ու այդ առումով ալ «Արեւելք»ին ուշագրաւ տուեալներ հաղորդեցին անոր դուստրերը մասնաւորապէս նշելով՝ «Մեր հայրիկին համար Հայաստան հաստատուելու փափաքը միշտ կը հոլովէինք միասին, երբ այլեւս մենք չափահաս դարձանք: Ինք ալ յօժար էր: Իսկ 2020-ին երբ հաստատուեցանք, հակառակ իր հիւանդութեան բերումով յառաջացած անյարմարութեան ու իր անստոյգ պատասխաններուն, միշտ երբ հարցնէինք եթէ կը փափաքի Լիբանան վերադառնալ թէ հոս մնալ, հաստատապէս կ'ընտրէր Հայաստան մնալը»։
Վերջին շրջանին առողջական խնդիրներու բերումով ան դարձած էր սակաւախօս եւ մունջ անձ եւ այդպէս ալ կը փակէր իր աչքերը յաւերժին մէջ, տխրութիւն եւ թախիծ պատճառելով իր ընտանիքի անդամներուն, հարազտներուն, ինչպէս նաեւ զինք սիրողներու եւ արժէւորողներու շրջանակներուն մօտ։
Այս առթիւ կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնները իր բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր նախկին աշխատակիցներէն՝ օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանին։