Լիբանան- «Զիլ Խօսք»էն քաղելով մեր տեղեկութիւնները վերահասու կը դառնանք, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի ընտրութեան համար Զմմառու վանքին մէջ գումարուող ժողովէն ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցուի: Սուրբ Սիւնոտին (այդպէս կը կոչուի Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց հաւաքը) կը մասնակցին աշխարհի տարբեր վայրերէն այս առթիւ Զմմառու վանք ժամանած Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներ: Ըստ Կաթողիկէ կանոնական օրէնսգրքին բոլոր սրբազան հայրերը թեկնածու կը համարուին ընտրուելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքի պաշտօնին համար: Տարբեր աղբիւրներէ քաղելով մեր տեղեկութիւնները նախօրօք յայտնած էինք, որ Պատրիարքի պաշտօնին գլխաւոր թեկնածուներ կը համարուին 3 եպիսկոպոսներ: Սակայն ինչքանով իրաւացի էր այդ տեղեկութիւնը կը մնայ անյստակ, տրուած ըլլալով, որ 14 Յուլիսէն ի վեր գումարուող Սիւնոտը նոր Պատրիարք ընտրելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուի: Աւարտին տեղին է նշել, որ նման իրադրութեանց ընդառաջ Վատիկանեան բարձրագոյն աթոռը ըստ կանոնի միջամտելու եւ ընթացող Սուրբ Սիւնոտին որոշ ուղղութիւն մը տալու բնական իրաւասութիւնը ունի: Կը մնայ սպասել յառաջիկայ օրերը եւ յուսալ, որ Զմմառու դարաւոր վանքէն բարձրանալիք սպիտակ ծուխը աւետէ նոր Պատրիարքի ընտրութեան մասին: