image

Զմմառու Վանքի Ժողովին Շուրջ Համատարած Լռութիւն

Զմմառու Վանքի Ժողովին Շուրջ Համատարած Լռութիւն

Լիբանան-  «Զիլ Խօսք»էն  քաղելով մեր տեղեկութիւնները վերահասու կը դառնանք, որ    Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի ընտրութեան համար Զմմառու վանքին մէջ գումարուող   ժողովէն    ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցուի: Սուրբ Սիւնոտին  (այդպէս կը կոչուի Հայ  Կաթողիկէ  եպիսկոպոսաց հաւաքը) կը մասնակցին  աշխարհի տարբեր վայրերէն այս առթիւ Զմմառու վանք  ժամանած             Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներ: Ըստ    Կաթողիկէ  կանոնական օրէնսգրքին բոլոր  սրբազան հայրերը      թեկնածու կը համարուին ընտրուելու   Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքի պաշտօնին համար: Տարբեր աղբիւրներէ   քաղելով մեր  տեղեկութիւնները նախօրօք յայտնած էինք, որ Պատրիարքի պաշտօնին  գլխաւոր թեկնածուներ կը համարուին 3     եպիսկոպոսներ: Սակայն ինչքանով իրաւացի էր այդ տեղեկութիւնը   կը մնայ անյստակ, տրուած ըլլալով, որ   14  Յուլիսէն ի վեր գումարուող   Սիւնոտը  նոր Պատրիարք  ընտրելու  դժուարութեան  դիմաց կը գտնուի:  Աւարտին տեղին է նշել, որ  նման  իրադրութեանց    ընդառաջ  Վատիկանեան    բարձրագոյն աթոռը    ըստ կանոնի միջամտելու  եւ  ընթացող   Սուրբ Սիւնոտին  որոշ ուղղութիւն մը  տալու   բնական իրաւասութիւնը ունի: Կը մնայ սպասել յառաջիկայ օրերը եւ յուսալ, որ  Զմմառու  դարաւոր վանքէն բարձրանալիք սպիտակ ծուխը աւետէ նոր Պատրիարքի ընտրութեան մասին: