Իրաւամբ է, որ Լիբանանի հայութեան ամենավաղեմի վանքերէն հանդիսացող Հայ Կաթողիկէ համայնքի Զմմառու Վանքը օրերս նոր շունչ ստացած է։
Մասնաւորապէս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Զամառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Նորընտիր Պատրիարքական Փոխանորդին Եւ Զամառու Վանքի Մեծաւորին՝ Հայր Մաշտոց Թ.Ծ.Վրդ.ի այս պաշտօնին նշանակուելէն ետք վանքին շուրջ ստեղծուած է աւելի մեծ դրականութիւն մը, որ կ՚արտայայտուի ճգնաջան աշխատանքներով։
Նոյն ծիրէն ներս օրերս վանքի գմեթին կայմուած խաչը օրհնուած է հանդիսաւոր կերպով։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ խմբագրութեանս հասած հաղորդագրութիւնէն։
Ստորեւ այդ հաղորդագրութիւնը`
Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած մատրան գմբէթի նորակերտ Ս. Խաչը օծուեցաւ ձեռամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի, եւ զետեղուեցաւ գմբէթին վրայ։ Բարերարութեամբ՝ Թարխանեան ընտանիքին։
Պատմական վայրկեաններ էին, զոր Աստուած մեզ՝ անարժաններս արժանի դարձուց ապրելու եւ վկայելու։
Սոյն մատրան 85-րդ ամեակն է... Աստուծոյ ծառայ՝ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան կառուցել տուած է 1940թ.ին։ Եւ ահա այսօր, մեր սերունդը, հաւատարիմ իր նախնեաց հաւատքին, ամուր քայլերով կ՚ամրապնդէ Ս. Խաչը ոչ միայն երեւութապէս, այլ՝ նոր եւ նորանոր սերունդի զաւակներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Քանզի, Անոր ապաւինելով է, որ հայը կը կերտէ իր կեանքի երկար ճամբորդութիւնը մինչեւ ժամանակի աւարտը։ Անոր ապաւինելով է, որ հայը կ՚արարէ այս աշխարհին մէջ։ Անոր ապաւինելով է, որ հայը կարողացաւ մոխիրներուն տակէն կրկին ոտքի կանգնիլ եւ դէպի յաւերժութիւն իր ընթացքը շարունակել։
Խաչը մեր զօրութիւնն է, ուստի որմէ՞ պիտի վախնանք։
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զրահանդերձ է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն եւ երգն է միշտ յաղթութիւն…
Վահան Թէքէեան