image

Զմմառու պատմական վանքին մէջ. Որպէս Գերապայծառ անդրանիկ Սուրբ Պատարագ

Զմմառու պատմական վանքին մէջ. Որպէս Գերապայծառ անդրանիկ Սուրբ Պատարագ

Կիրակի օր հանդիսաւորապէս եւ որպէս Գերապայծառ իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է Գերապայծառ Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեան։ Նշենք, որ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի յատուկ կարգադրութեամբ Նորատունկեանին տրուած էր Գերապայծառի կոչում եւ ան այսուհետեւ որպէս Առաջնորդ պիտի պաշտօնավարէ Հայաստանի մէջ

հանդիսանալով Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ։

 

Գերապայծառին մասին գրառում մը կատարած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի նուիրեալ միաբաններէն՝ Հ. Գառնիկ ծ. Վրդ. Յովսէփեանը, որ մասնաւորապէս գրած է ՝

Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ` Զմմառու Վանքի «Փոխման Սուրբ Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց նորանշանակ առաջնորդ` Գերապայծառ Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեան։

Բեղուն Առաքելութիւն։