image

Զինուած յարձակում՝ Թուրքիոյ Մերսին քաղաքի ոստիկանութեան շէնքի վրայ. կայ զոհ

Զինուած յարձակում՝ Թուրքիոյ Մերսին քաղաքի ոստիկանութեան շէնքի վրայ. կայ զոհ

Թուրքիոյ Մերսին քաղաքին մէջ ոստիկանութեան շէնքի վրայ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է, կայ զոհ եւ վիրաւոր։ «A Haber» հեռուստաալիքի հաղորդմամբ՝ իշխանութիւնները կատարուածը ահաբեկչութիւն որակած են։ 

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ միջադէպը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով ժամը 23։00-ի մօտերը (երեւանեան ժամանակով կէսգիշերին) Մերսին քաղաքի Մեզիթլի թաղամասին մէջ։ Անյայտ անձինք զինուած յարձակում իրականացուցած են ոստիկանութեան բաժանմունքի վրայ։ Կը հաղորդուի նաեւ պայթումի մասին, որն իրականացուած է հեռակառավարուող ինքնաշէն պայթուցիկ սարքի միջոցով։

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի խօսքով՝  ահաբեկրութեան հետեւանքով զոհուած է մէկ ոստիկան։ Եւս մէկը ծանր վիրաւորումներ ստացած է։ 

«Արդէն յայտնի է՝ որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կանգնած է այս յարձակման ետին», - Ներքին գործոց նախարարի խօսքերը մէջբերած է «Anadolu» գործակալութիւնը։