Եւրոպական Միութիւնը չընտրեր յաղթողներ։ Մենք պիտի գործակցինք այն կառավարութեան հետ, որ կը կազմուի Հայաստանի քաղաքացիներու ընտրութեան արդիւնքով՝ առաջնորդուելով նոյն սկզբունքներով եւ նոյն օրակարգով։
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։
-Այս կարեւոր համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններէն անմիջապէս ետք Հայաստանը պիտի մտնէ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական փուլ։ Այս պարունակին մէջ ի՞նչ է հիմնական ուղերձը, զոր դուք պիտի ուզէիք փոխանցել Հայաստանի քաղաքացիներուն։
Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր հանգրուան մըն են, եւ իմ ուղերձը Հայաստանի քաղաքացիներուն յստակ է․ այս ընտրութիւնները ձերն են։ Հայաստանի ապագան որոշելու իրաւունքը կը պատկանի ընտրողներուն՝ ազատ եւ առանց միջամտութեան, իսկ Եւրոպական Միութեան դերը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմումին հիման վրայ, աջակցիլն է, որ այդ գործընթացը լիարժէքօրէն ապահովուի։
Գործնականօրէն մենք կը սատարենք այն հաստատութիւններուն, որոնք կ՚ապահովեն ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպումը՝ սկսեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն մինչեւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ եւ անկախ մետիա։ Ասիկա երկարաժամկէտ քաղաքացիական առաքելութիւն է, որ կը գործակցի հաստատութիւններու հետ եւ չի հանդիսանար ո՛չ ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութիւն, ո՛չ ալ ընտրական գործընթացի մասնակից։ Մեր աջակցութեան նպատակը Հայաստանի ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնն է՝ ապահովելու, որ յունիս 7-ին Հայաստանի ապագան որոշեն բացառապէս Հայաստանի քաղաքացիները եւ ոչ ոք այլ։ Միաժամանակ կը փափաքինք յստակ շեշտել, որ այս աջակցութիւնը որեւէ կերպ կապուած չէ որեւէ քաղաքական ուժի կամ թեկնածուի հետ։
Եւրոպական Միութիւնը չընտրեր յաղթողներ։ Մենք պիտի գործակցինք այն կառավարութեան հետ, որ կը կազմուի Հայաստանի քաղաքացիներու ընտրութեան արդիւնքով՝ առաջնորդուելով նոյն սկզբունքներով եւ նոյն օրակարգով։ Թէ ով պիտի յաղթէ, բացառապէս Հայաստանի ընտրողներուն որոշելիքն է, եւ ես կը քաջալերեմ բոլորը օգտուիլ իրենց այդ իրաւունքէն՝ չտարուելով ապատեղեկատուական այն նարատիւներով, թէ Հայաստանի քաղաքացիները որոշման մէջ դեր չունին․ իրականութեան մէջ որոշումը կը պատկանի միայն եւ միայն անոնց։
Մեզի համար կարեւոր է, որ գործընթացը ըլլայ վստահելի, որ քաղաքացիները կարենան ազատօրէն կատարել իրենց ընտրութիւնը, եւ որ արդիւնքները արտացոլեն հայ ժողովուրդին իրական կամքը։ Ահա թէ ինչ կը նշանակեն ժողովրդավարական ընտրութիւնները, եւ այդ է, ինչին Հայաստանը արժանի է։