Սուրիացի պատանին իր դէմ բացուած դատը շահած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։
Մանրամասնութիւններուն մէջ, առնուազն երեք տարիէ ի վեր Բրիտանիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր սուրիացի ուսանող` Ժամալ Հիժազիի հարցը, որ անուանարկուած էր բրիտանացի յայտնի ծայրայեղ աջակողմեան, «Անգլիական պաշտպանութիւն» միութեան հիմնադիր՝ Թոմի Ռոպինսընի կողմէ: Օրերս Բրիտանիոյ բարձրագոյն դատարանը վճիռը արձակած է յօգուտ սուրիացի ուսանողին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արապի 21 կայքէն:
Աղբիւրը նշած է, թէ դատարանի որոշումով՝ Թոմի Ռոպինսըն պարտաւոր է, որպէս փոխհատուցում 100.000 բրիտանական ֆունտ վճարել ուսանողին, ինչպէս նաեւ հոգալ դատական ծախսերը:
Յիշեցնենք, որ 2018-ին, համացանցով տարածուած էր տեսանիւթ մը, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս Ժամալ Հիժազի Բրիտանիոյ Հիւսիսը գտնուող Հետրսֆիլտ քաղաքի Ալմոնտպըրի դպրոցի մարզադաշտին վրայ ծեծի կ'ենթարկուի խումբ մը աշակերտներու կողմէ ու դէպքը տեղի կ՚ունենայ ցեղապաշտական դրդումով:
Ի դէպ, դէպքին արձագանգած է 38 ամեայ Ռոպինսընը, եւ ամբաստանած Հիժազին ըսելով, որ ան անմեղ չէ եւ յաճախ բռնութիւն կ'օգտագործէ, եւ բազմաթիւ դէպքեր կան, ուր Հիժազի ցուցաբերած է թշնամական եւ վատ վարքագիծ: Հիժազի կտրականապէս հերքած է այդ ամբաստանութիւները:
Բարձրագոյն դատարանի դատաւոր՝ Մաթիո Նիքլըն չհամոզուելով Ռոպինսընի ներկայացուցած չապացուցուած մեղադրանքներով վճիռը արձակած է յօգուտ Հիժազիին: Դատաւորը ըսած է, թէ ամբաստանեալը ենթարկուած է անուանարկութեան, որուն պատճառաւ իր ընտանիքին հետ ստիպուած եղած է հեռանալ իրենց բնակավայրէն եւ նոյնիսկ կիսատ ձգել իր ուսումը:
Ռոպինսըն, որ մեծ գումարներ կը վաստակի իսլամութիւնն ու իսլամները «հալածող» համացանցի իր կայաններուն ճամբով, պնդած է, թէ ինք սնանկ վիճակի մէջ է եւ անկարող է վճարելու փոխհատուցումը եւ 500.000 ֆունտի հասնող դատական ծախսերը:
Նշուած է նաեւ, որ վերջինիս Ֆինանսական վիճակը պիտի հետապնդուի եւ քննուի պատկան մարմիններուն կողմէ:
«Մեծ քաջութիւն կը պահանջէր իմ պաշտպանեալ՝ Ժամալ Հիժազիէն, այսպիսի յայտնի ծայրայեղ աջակողմեան եւ հակաիսլամիստի մը դէմ ելլելու: Ուրախ եմ որ ան անպարտ արձակուեցաւ»,- ըսած է Հիժազիի պաշտպան փաստաբանուհին: