image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքին յոյս ունի Մոսկուայի հետ վերսկսիլ բանակցութիւնները. Euronews

Զելենսքին յոյս ունի Մոսկուայի հետ վերսկսիլ բանակցութիւնները. Euronews

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին չորեքշաբթի օրը մեկնած է Թուրքիա՝ փորձելով վերսկսլ բանակցութիւնները՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու նպատակով։ Քիեւ եւ Մոսկուան պաշտօնապէս քանի մը փուլ ուղիղ բանակցութիւններ ունեցած էին Թուրքիոյ մէջ գարնան, սակայն գործընթացը սառած է յուլիսէն ի վեր, կը գրէ Euronews-ը։

Զելենսքին երեքշաբթի յայտնած է, որ յոյս ունի վերսկսիլ դիւանագիտական գործընթացը։ Ուքրանիոյ ղեկավարը, մեծ հաւանականութեամբ, իր ծրագիրը պիտի ներկայացնէ իր թուրք գործընկեր Ռեճէպ Էրտողանիմ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆին, որուն եւս կը սպասեն Անգարայի մէջ։

Քրեմլը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները պիտի չմասնակցին Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն։ Սակայն, Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «բաց» է Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան՝ բանակցութիւններէն ետք։

Euronews-ը կը յիշեցնէ, որ Մոսկուա բազմիցս մերժած է Փութին–Զելենսքի ուղիղ հանդիպման հնարաւորութիւնը՝ հակառակ երկու նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու բազմաթիւ փորձերուն։

Քրեմլը բազմիցս մերժած է նաեւ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները ռազմաճակատին, եւ ապա շարունակելու խաղաղութեան բանակցութիւնները։