Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ Քիեւը պէտք է ստանայ երաշխիքներու համակարգ, որ չի զիջի անոր, ինչ ՆԱԹՕ-ն կ'առաջարկէ երկիրներուն: Ան այդ կապած է դաշինքին Ուքրանիոյ միանալու ձգձգման հետ:
«ՆԱԹՕ-ն, փաստացի, այսօր գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան դաշինքներէն միակն է, որուն կրնայ միանալ Ուքրանիան: Այնտեղ մեզի համար բաց դռներու դիրքորոշում կայ: Բայց այս ճանապարհին մեծ տարածութիւն կայ` տարիներ եւ ամիսներ, յատկապէս, եթէ կայ սրացում: Անցնելով այս ճանապարհը` մենք պէտք է ձեռք բերենք երաշխիքներու համակարգ: Եւ գոնէ տեսականօրէն այն պէտք չէ զիջի այն համակարգին, որ կ'առաջարկուի ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն», ըսած է Զելենսքին: Ան ընդգծած է, որ «այդ ստեղծուած իրավիճակին միակ այլընտրանքն է, երբ մենք կը պաշտպանենք մենք մեզի»:
Զելենսքին նշած է, որ Ուքրանիոյ համար ամրագրուած երաշխիքներով փաստաթուղթ պէտք է ստորագրուի Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ: «Նորմանտական ձեւաչափէն մենք չենք առանձնանար, եւ ոչ ոք կ'առանձնանայ: Աշխարհի ամենաուժեղները, այդ շարքին` Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը, կը նստին ու կը ստորագրեն, որ կայ նման ճանապարհ: Բայց այնտեղ պէտք է ըլլայ 3-4-5 կէտ մեր երկրի անվտանգութեան մասին», յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահը: