image

Զէլէնսքին անտեսեց նախազգուշացումները. Պայտըն

Զէլէնսքին անտեսեց նախազգուշացումները. Պայտըն

Ամերիկայի նախագահը նաեւ մեղադրած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինը Ուքրանիոյ «մշակոյթը, այլ ոչ միայն ազգը ոչնչացնելու փորձի մէջ» եւ ըսած է, որ Ռուսիոյ ղեկավարը Քիեւը կը համարէ «Մայր Ռուսիոյ նստավայրը»:

 

ԱՄՆ  նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքին անտեսած է նախազգուշացումները այն մասին, որ Ռուսիան Փետրուարին պիտի ներխուժէ Ուքրանիա:

«Ես գիտեմ, որ շատերը կը կարծէին, որ ես կրնամ չափազանցնել, բայց ես գիտէի, եւ մենք հաստատելու տուեալներ ունէինք, որ Փութինը կը պատրաստուի անցնելու սահմանը: Կասկած չկար: Եւ Զէլէնսքին չէր ուզում լսել այդ, ինչպէս շատ ուրիշներ», ըսած է Պայտըն:

Ամերիկայի նախագահը նաեւ մեղադրած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինը Ուքրանիոյ «մշակոյթը, այլ ոչ միայն ազգը ոչնչացնելու փորձի մէջ» եւ ըսած է, որ Ռուսիոյ ղեկավարը Քիեւը կը համարէ «Մայր Ռուսիոյ նստավայրը»: