image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքիէն մեղադրանք Արեւմտեան Պլոքին

Զելենսքիէն մեղադրանք  Արեւմտեան Պլոքին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին քննադատած է Մարտ 5-ին կայացած ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործերու նախարարներու արտահերթ նիստը:

«Այսօր կայացեած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը: Թոյլ, շփոթած գագաթաժողով էր: Գագաթաժողով, որ ցոյց կու տայ, որ ոչ-բոլորը ամենակարեւոր նպատակ կը համարեն Եւրոպայի ազատութեան համար մղուող պայքարը», ըսած է Զելենսքին:

Ուքրանիոյ նախագահը քննադատած է դաշինքի երկիրներու այն պնդումները, որ «Ուքրանիոյ օդային տարածքին փակումը պիտի հրահրէ ռուսական ուղիղ յարձակում ՆԱԹՕ-ի դէմ»:

«Սա իրենց ինքնահիփնոզն է, որոնք թոյլ են, ներքուստ անվստահ, թէեւ կրնան մեզմէ մի քանի անգամ աւելի հզօր զէնք կիրառել: Դուք պէտք է մտածէիք մարդոց, մարդկութեան մասին: Իսկ ինչի՞ մասին կը մտածէինք այդ հանդիպման ժամանակ», ըսած է Զելենսքին:

Ան կասկած յայտնած է, որ ՆԱԹՕ-ն կրնայ պաշտպանել նոյնիսկ իր անդամ-պետութիւնները: 

«Ես չեմ գիտեր, թէ որո՞ւ կրնաք դուք պաշտպանել եւ ի վիճակի՞ էք պաշտպանել դաշինքի երկիրները», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը: