Մոսկուան բացասական վերաբերմունք ունի ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութեան եւ բազմիցս նշած է ատոր առճակատողական էութիւնը. այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Ըստ անոր՝ սա իրականութեան մէջ կիսառազմական ներկայութիւն է հայկական տարածքին մէջ:
«Որեւէ տեղ ապացոյցներ փնտռելու կարիք չկայ, ամէն ինչ ակնյայտ է. այս առաքելութեան հակառուսական, հակաատրպէյճանական, հակաիրանական նպատակաները երթալով աւելի ակնյայտ կը դառնան: Առաւել եւս, երբ ատոր սկսան միանալ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներ, բոլորին ամէն ինչ պարզ դարձաւ: Ռազմաքաղաքական իրավիճակի ապակայունացումէն եւ տարածաշրջանն աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտի վերածելէն բացի Եւրոպական Միութեան նմանօրինակ նախաձեռնութիւններէն այլ բան սպասել չարժեր»,-ըսած է Զախարովան:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ բոլոր խնդիրները պէտք է եւ կրնան լուծուիլ միայն տարածաշրջանային պետութիւններու համատեղ ջանքերով՝ առանց արտաքին միջամտութեան եւ հաշուի առնելով տարածաշրջանային երկիրներու շահերը: