Փաշինեան–Էրտողան հեռախօսազրոյցը եւս մէկ կարեւոր քայլ է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Այս մասին Հանրային հեռուտաընկերութեան եթերի ժամանակ ըսած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
Ան տեղեկացուցած է, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը մանրամասն քննարկած են երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը բանաելու, բեռնափոխադրումներու վերաբերեալ հարցերը։ «Կարծում եմ, որ հետագայում հնարաւոր կը լինի սահմանը բացել նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիայի քաղաքացիների համար»,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հեռախօսազրոյցի ժամանակ քննարկուած է նաեւ այս հարցերու լուծման կապակցութեամբ աւելի աշխոյժ առաջ երթալու կարելիութիւնները:
Անդրադառնալով ընդդիմութեան պնդումներուն, որ գործընթացը տեղի կ'ունենայ նախապայմաններու հիման վրայ, Արմէն Գրիգորեանը ըսած է, որ բոլոր այդ հանդիպումներու հաղորդագրութիւններուն մէջ յատուկ նշուած է, որ որեւէ նախապայման չկայ։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի տարածքէն անցնող միջանցքի ստեղծման մասին հարցին, ԱԽ քարտուղարը նշած է, որ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ միջանցքը իր համար կարմիր գիծ է, եւ նման հարց չի քննարկուիր:
«Ե՛ւ Մոսկուան, ե՛ւ Պրիւքսէլը վերջին մէկ տարուայ, նոյնիսկ վերջին 6-7 ամսուայ ընթացքում յայտարարել են, որ միջանցքային տրամաբանութեան որեւէ հարց երբեք չի քննարկուել»,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ ընդդիմութեան պնդումները նախապայմաններու մասին մտացածին են։