image

Յուշարձաններու ճակատագիրը. Գրեց՝ Յակոբ Չոլաքեան

   Յուշարձաններու ճակատագիրը. Գրեց՝ Յակոբ Չոլաքեան

Հիմա ձգենք Սուրիան ու նայինք մեր շուրջը, նոյնն է պատկերը ամեն տեղ, կը բողոքենք, թէ սրբապղծեցին, քանդեցին․․․ Ի՞նչ կ՛ուզէիք որ ընեն․․․

Բարեկամներ, գերեզմանին եւ յուշարձանին քով կանգնած ողջերը միայն գերեզման ու յուշարձան կ՛ունենան։ Փառք եւ տոկունութիւն մնացողաց։ Հեռացողներուն կը մնայ, ցաւ ի սիրտ,  եթէ զիրենք մտիկ ընող թոռնիկներ ունենան, կը մնայ պատմել իրենց լքած  յուշարձաններուն, նախնեաց գերեզմաններուն եւ մեր վիրաւորուած արժանապատուութեան մասին։ Այսքան։ 

 

 Սուրիոյ մէջ մենք կառուցած ենք 53 յուշակոթող, ասոնցմէ 33ը ապրիլեան յուշարձաններ են, իսկ միւսերը՝ մեր  հին գոյամարտերուն, մերօրեայ կռիւներուն, մեր գիրին, մեր եկեղեցւոյ, սուրիացի նահատակներուն նուիրուած կոթողներ։ 

Ասոնք բոլորն ալ կառուցուած են Մեծ եղեռնի 50-ամեակէն ետք ինկող ժամանակաշրջանին։ Բայց պէտք յիշել, որ Մեծ եղեռնի զոհերուն առաջին յուշարձան-դամբարանը կառուցուած է 1929-ին, Տէր Զօրի Նահատակաց համալիրին մէջ։ Լքուած է։ Կայ նաեւ Մուսա լեռան Տամլաճըգի բարձունքին վրայ 1932-ին (այն ատեն՝ Սուրիա), հերոսամարտի 18 նահատակներու շիրիմներուն  կից կառուցուած յուշարձանը, որ կը խորհրդանշէր փրկութեան նաւը։

Այսպէս՝ 53 յուշարձան՝ Հալէպ, Դամասկոս, Տէր Զօր, Ռաս ուլ-Այն, Տերիք-Մալքիէ, Գամիշլի, Հասիչէ, Քեսապ, Լաթաքիա։ Բոլորն ալ եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շրջափակերէն ներս եւ գերեզմանատուներու մէջ։ Մարկատէի մէջ կառուցուածը մատուռ-դամբարան էր։ Այնտեղ ուր կան յարանուանական երկու կամ երեք եկեղեցի եւ յարանուանական գերեզմանատուներ՝ հոն ալ կառուցուած են  առանձին յուշարձաններ։

Եւ բնականաբար՝ մտորելու առիթ կու տայ հսկայ այս թիւը ։ Տէ, ամեն համայնք ու յարանուանութիւն եւ ամեն հայրենակցական շրջանակ կամ նոյնիսկ ընտանիք՝ իրաւունք ունի ոգեկոչելու իր նահատակները եւ կրնայ իրաւունք ձեռք բերել եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ եւ գերեզմանատան հրապարակին վրայ  նուազագոյնը խաչքար մը  կանգնեցնելու անոնց յիշատակին։

Մեր ակումբներուն, դպրոցներուն, հաստատութիւններուն մէջ կանգնեցուցած էինք 25 կիսանդրի եւ դիմային հարթաքանդակներ, բոլորն ալ կուսակցական, միութենական, եկեղեցական դէմքեր, բարերարներ եւ մէկ հատ միսիոնարուհի՝ Քարէն Եփփէ։ Կան նաեւ Աւետիս Ահարոնեան եւ Վահան Թէքէեան։ Ասոնք ալ կուսակցական  խորհրդանիշներ են։  Այստեղ առաջնորդողը յարանուանական, կուսակցական   եւ միութենական ազդակներն են։

Սուրիոյ մէջ կան  յայտնի անուններ կրող թատերախումբեր, երաժշտական դպրոցներ, արուեստանոց-ակադեմիաներ։ Կայ միայն Ադամեանի թատերախումբի փորձերու սրահին մէջ դրուած դերասան  Պետրոս Ադամեանի կիսանդրին, Արշիլ Կորքիի անուան արուեստանոցին մէջ Արշիլ Կորգին կա՞յ, Բարսեղ Կանաչեանի անուան երաժշտանոցին մէջ անոր կիսանդրին կա՞յ․․․ Կարելի է բազմապատկել այս թիւը։ Մենք կ՛ուզէինք, ի շարս կուսակցական, եկեղեցական, միութենական եւ բարերար դէմքերու, մշակութային դէմքեր ալ տեսնել։ Եւ աւելի մեծ թիւով։ Որովհետեւ մշակոյթն է միայն, որ կը միաւորէ բոլորս։

Հիմա ի՞նչ կայ։ Ահաբեկչութիւնը եկաւ, մեր գիրին, մեր խաչին թշնամին, եւ ուր որ հասաւ՝ սրբապղծեց, քանդեց, փշրեց։ Ամեն տեղ խաչերու ջարդ եւ Այբուբենի կոտորած։ Կ՛ըսէք․ «Ասկէ թուրքերը անցան»։ Ես կ՛ըսեմ․ «Մենք այստեղերէն փախանք»։

Ի՞նչ եղաւ․ կանգուն մնացածներէն շատերը այցելու չունեցան, ակումբները փակուեցան, կիսանդրիները փոշոտեցան, յուշարձանները վայրի խոտերու տակ թաղուեցան։ 

Հիմա ձգենք Սուրիան ու նայինք մեր շուրջը, նոյնն է պատկերը ամեն տեղ, կը բողոքենք, թէ սրբապղծեցին, քանդեցին․․․ Ի՞նչ կ՛ուզէիք որ ընեն․․․

Բարեկամներ, գերեզմանին եւ յուշարձանին քով կանգնած ողջերը միայն գերեզման ու յուշարձան կ՛ունենան։ Փառք եւ տոկունութիւն մնացողաց։ Հեռացողներուն կը մնայ, ցաւ ի սիրտ,  եթէ զիրենք մտիկ ընող թոռնիկներ ունենան, կը մնայ պատմել իրենց լքած  յուշարձաններուն, նախնեաց գերեզմաններուն եւ մեր վիրաւորուած արժանապատուութեան մասին։ Այսքան։ 

***

Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտական  ԾԻԼԵՐ պարբերաթերթը ինիսունականներուն թիւ մը նուիրեց Սուրիոյ ապրիլեան յուշարձաններուն՝ տալով իւրաքանչիւրին նկարը, տեղը, կառուցող կողմը, նիւթը, նախագծող ու իրագործող անձերու անունները, թուականը եւ մակագրութիւնը։ Ձեռքիս տակ չունիմ։ Համազգայինը 2017ին հրատարակեց  «Սուրիոյ քարերը կը խօսին» շուրջ 30 յուշարձաններ պատկերող բարակ ալպոմը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Դամասկոսէն Անոյշ Քէօրօղլեանին, Հալէպէն գեղանկարիչ Զաւէն Պարտաքճեանին եւ քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեանին, որոնք նիւթերս համալրելու մէջ ինծի մեծապէս օգտակար եղան։

 

Դոկտ. Յակոբ  Չոլաքեան