image

Յունաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր. Ի՞նչ է պատճառը

Յունաստանի մէջ  բողոքի ցոյցեր. Ի՞նչ է պատճառը

Յունաստանի մէջ շոգեկառքերու, մեթրոյի եւ հանրակառքերու, ինչպէս նաեւ որոշ օդանաւի ընկերութիւններու աշխատանքը կանգ առած է այն բանէն ետք, երբ Երթեւեկութեան ոլորտի աշխատողները գործաթուլ յայտարարած են, ընդդիմանալով այն օրէնքի նախագիծին դէմ, որ կրնայ սահմանափակել գործաթուլի միջոցով իրենց իրաւունքները պահանջելու հնարաւորութիւնը:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, գործաթուլին հետեւանքով հազարաւոր անձեր մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ փոխադրամիջոցներէ օգտուելու հնարաւորութենէ զրկուած են, բան մը, որ քաղաքի կեսրոն տանող ճանապարհներու խցանման պատճառ դարձած է:

Երթեւեկութեան ոլորտի աշխատողներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով այլ ոլորտներու աշխատողներ նոյնպէս, ինչպիսիք են ուսուցիչները, դատաւորները, բժիշկներն ու բանուորները, իրենք նոյնպէս միացած են գործաթուլին: