Բոլոր անոնց, որոնք պատիւը ունեցան մեր վարժարաններուն աշակերտը ըլլալու, մանկական յիշողութեան մէջ վստահաբար արձանագրուած կը մնայ բարդ ու անհասկնալի բառերով քայլերգ մը, որ տօնական կամ այլ յատուկ օրերուն կ՚երգէինք, առաւօտեան հաւաքի ու աղօթքի պահուն։ Այն ժամանակ, մեր բերանէն սրտնեղութեամբ դուրս կը ցայտէին անծանօթ ու անհարազատ բառեր, որոնք խոտոր կը համեմատէին մեր մանկական ներաշխարհին ու մատղաշ ապրումներուն։
Սակայն, այդպէս կարծուած «տառապանքը» կանգ չէր առներ դպրոցական միջավայրի այդ յատուկ պահերուն միայն։ Մեր տուներուն մէջ, յանկարծ, առանց որեւէ նախանշանի կամ պատրուակի, մեր մայրերուն շրթները յաճախ կը շշնջէին նոյն բառերը, կարծես «տէրունական աղօթք»ին նման գովասանք ու փառաբանութիւն ըլլար, տակաւին մեզի անծանօթ կամ մշուշապատ, անմատչելի գաղափարի մը հանդէպ։
Տարիները պէտք էին գլորիլ, որպէսզի այլեւս աւելի հասուն մեր միտքերուն մէջ մշուշը վերածուէր իսկական պատկերի մը, շօշափելի իրականութեան մը, նուիրեալներու փաղանգի այն ստուար համախմբումին՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչին, որուն մէկ վարժարանէն ներս հպարտ աշակերտները դարձանք հայկազեան ոգիին ու մեսրոպաշունչ հայ տառին։
Ներողամիտ եղէք, որ սոսկ անձնական ապրումներով կը բանամ այսօրուան մտածումներու շարքը։ Սակայն, հարց կու տամ այս սրահին մէջ մէկտեղուած մեր հայրենակիցներուն։ Արդեօք կա՞յ մէկը մեզմէ, որ ապրումի չէ վերածած համահայկական մեծ միութեան մէկ մասնիկին՝ Հ.Կ.Խաչի քայլերգը, որ Գէորգ Կառվարենցի գրիչին տակ սերունդներ ոգեւորեց, անոնց ուղղելով դէպի գերագոյն զոհաբերութեան՝ մարդ արարածին օգտակար ու նեցուկ դառնալու վսեմ պատումին։
Յունահայ գաղութի հարազատ ու վաւերական կազմակերպութեան՝ Հայ Կապոյտ Խաչին 100-ամեակը կը նշենք։ Այսօրուան մէկտեղումը յարգանքի տուրք չէ միայն հիմնադիրներուն, խաչուհի անհամար նուիրեալներուն, կրթական մշակներուն եւ միութեան բարերարներուն անմոռանալի յիշատակին, այլեւ մեր ուխտը վերանորոգելու, մեր հաւատարմութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ խարսխելու պատեհ առիթ մը։ Եւ հոս, այս նուիրական պահուն, վերանորոգման երդումը համահաւասար կ՚երթայ ո՛չ միայն կանացի հաւաքականութեան, այլեւ բոլորին՝ այր ու կին, բոլոր անոնց, որոնք Հ.Կ.Խաչի 100-ամեայ փառապանծ երթին մէջ տեսան ու ապրեցան, գործեցին ու քաջալերեցին, զգացին խաչեան մեծ բանակի մայրական գորովագութ գիրկը, անոր ժպիտը, հոգատարութիւնն ու կենսատու մատուցումը։
Յունահայ գաղութի մատեանը հպարտութեամբ արձանագրած է հրաշալուր պատմութիւնը կանացի մեծ կազմակերպութեան, որ ծնունդ առաւ գաղթականութեան մխացող բոցերուն մէջէն, անծայրածիր տարածքներու թշուառներու վրաններուն մէջ, հոն ուր կիզիչ արեւին տակ կամ բաց երկինքին ներքեւ մանկական շուրթերը պէտք էին դարձեալ մեր այբուբենը հոլովել, իսկ տարագրուած ժողովուրդի մը ապրելու եւ արարելու պատիւը ի գին ամէն զոհողութեան պէտք էր շուտափոյթ վերականգներ։
Հայ Կապոյտ Խաչի ստեղծումը տարագիր հայ իրականութեան մէջ հրաշքի համազօր սխրագործութեան մը պատկերը ցոյց կու տայ մեզի այսօր, երբ այլեւս 100-ամեայ պատմական հեռաւորութեան դիմաց կու գանք արժեւորելու մեր բոլորին սիրելի ու հարազատ կազմակերպութեան նուիրական գործը։
Յաճախ կ՚ըսենք, թէ մեր գաղութի մատեանին մէջ ապագայ պատմագիրը փայլուն էջեր պիտի արձանագրէ մեր հաւաքական կեանքին ու նուիրեալներուն մասին։ Սակայն, սիրելիներ, պատմութիւնը ամէն օր կը գրուի։ Ամէն մէկուն ձեռքի ու միտքի ուժը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ի սպաս դրուած է ազգային մեր հաւաքականութեան յարատեւման ու բարօրութեան ի խնդիր, մէյ մէկ տառը կը հանդիսանայ հրաշալի պատմութեան տողերու ոսկեայ փայլատակումին։
Եւ հոս է, որ արդարօրէն այդ պատմութեան ամէնէն նրբազգաց ու մարդկայնօրէն գեղեցիկ արձանագրութիւնը կ՚երթայ Հայ Կապոյտ Խաչին։ Հոս է, որ կը տեսնենք անհամար ձեռքերը խաչեան մեր հերոսներուն, որոնք քրտինքով, երբեմն արեան կաթիլներով գրեցին՝ ամէն մէկը իր սեփական պատմութիւնը, իր անձնուէր կեանքի ամբողջական զոհողութիւնն ու մատուցումը, դարձնելու համար հրաշագեղ պատմութիւնը գաղութի մը գոյատեւման ու ազգային վերազարթնումի հաւաքական երթին։
Սիրելիներ, այստեղ հաւաքուած հայրենակիցները, պատասխանատու մարմինները եւ խաչուհի անդամները քաջ տեղեակ են Հ.Կ.Խաչի պերճափայլ պատմութեան ու անթիւ իրագործումներուն մասին։ Ո՞վ արդեօք անտեղեակ կրնայ ըլլալ միութեան բարեսիրական ու խնամատարական գործունէութենէն։ Արդեօք կա՞յ մէկը, որ չէ գիտցած, թէ ինչպիսի պայմաններու տակ Հ.Կ.Խաչի մայրական հոգատար ձեռքը մտաւ երբեմնի վրաններուն եւ հիւղակներուն մէջ, յաճախ պնակ մը կերակուր, ուրիշ անգամ հագուստեղէն հայթայթելու, կազդուրման կայաններուն մէջ ցաւն ու հիւանդութիւնը բժշկելու, մաքրութեան եւ անձնական առողջապահութեան պայմաններ ստեղծելու, իսկական «բուժակ բարերար» դառնալու համար։ Նոյնիսկ երբ համեմատօրէն աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ հայութիւնը սկսաւ իր շունչը սակաւ առ սակաւ վերագտնել, Հ.Կ.Խաչի ամառնային քեմփերը հայ մանկանց անհատնում ուրախութեան ովասիսները դարձան, բնութեան գեղեցիկ միջավայրին մէջ, խաչեան ընկերուհիներուն «քառաթեւ հսկող» ապահով ձեռքերու խնամքին տակ։
Ո՞վ կրնայ յարգանքի խոնարհումով չծրիլ Կապոյտ Խաչի արեան պահեստը տասնեակ տարիներով ապահովելու իրագործումին առջեւ։ Արեան ամէն մէկ շիշին մէջ կը հոսի շիթ մը արիւն Հայոց ցեղասպանութեան միլիոնաւոր զոհերու մարմինէն, որ կը դառնայ կեանքի ու գոյատեւման աղբիւր՝ կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն համար։
Տակաւին, երբ այլեւս չքացան աղքատութեան ու ընչազրկութեան տարիները, եւ կեանքի պայմանները բարեկեցիկ ապրուստ մը նուիրեցին գաղթականներու սերունդի շառաւիղներուն, կարելի չէ անտես առնել, թէ ինչպէս Հայ Կապոյտ Խաչը, որպէս Հ.Օ.Մ.-ի անքակտելի մէկ մասնիկը, իր իսկ հիմնադիրին՝ Ակնունիի «Դէպի երկիր» նշանախօսքը դարձուց գերագոյն նպատակ ու իտէալ։ Տակաւին թարմ կը մնան մռայլ յիշողութիւնները 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն, երբ սփիւռքը մէկ ուժի նման օգնութեան ձեռք երկարեց շարժահար մեր հայրենակիցներուն եւ հազարաւոր զոհեր ունեցած ընտանիքներուն։ Եւ ահա, Հայ Կապոյտ Խաչը, անսալով մայր կազմակերպութեան՝ Հ.Օ.Մ.ի կոչին, զօրաշարժի կ՚ենթարկէր իր բոլոր անդամները, դառնալու համար հայրենի տառապած մեր արիւնակիցներուն «ցաւի բալասանը»։
Մեծ ողբերգութեան կսկիծը չէր անցած, երբ Հայ Կապոյտ Խաչը իր նուիրական պարտականութիւնը կատարեց Արցախի ազատամարտին ի նպաստ իր ամբողջ կարողականութիւնը նուիրաբերելուն մէջ։ Ակնածանքով պիտի արտայայտուինք աւելի քան 30 տարի Արցախի մէջ Հայ Կապոյտ Խաչի կարեւոր մասնակցութեան մասին Հ.Օ.Մ.-ի ծրագիրներուն, սկսելով նորածիններու արդի կեդրոններէն եւ մանկամսուրներէն, մինչեւ «Սօսէ» կրթական կեդրոնները, ամէն մէկ ընտանիքին մէջ վառ պահելով ազատ ու անկախ ապրելու պլպլացող ճրագը, դառնալով իսկական «գուպար ազգաշէն»։ Նոյնիսկ երբ թուրք-ատրպէյճանական ցեղասպանական յարձակումին դիմաց Արցախը կուլ գնաց մեծապետական շահերուն ու թշնամիի անխնայ հարուածներուն, Հայ Կապոյտ Խաչը ոտքի հանեց ամբողջ յունահայութիւնը որպէսզի դեղորայքի մատուցումով, բժշկական սարքերով կամ հագուստեղէնով կանգուն պահէ Արցախի հպարտ ժողովուրդի տոկալու կամքը։
Սակայն, սիրելիներ, եթէ նոյնիսկ այս բոլորը արձանագրուած չըլլային Հ.Կ.Խաչի ոսկի էջերուն մէջ, կը բաւէր միայն ու միայն անոր ամբողջական կառչումը յունահայ սերունդներու կրթական յառաջդիմութեան վրայ, որպէսզի մեր մեծ միութեան անունը դառնար մշտական ակնածանքի ու յարգանքի առիթ։ Դեռ 1927-ին, երբ հայութեան տառապանքը տակաւին կը մխար թիթեղաշէն խրճիթներուն մէջէն, Հայ Կապոյտ Խաչին անունով կը կանգնէր «Զաւարեան» վարժարանը, որուն հիմնադրութեան 100-ամեակը կը մօտենայ։ Իսկ 1963-ին, անզուգական Հ.Օ.Մ.-ուհիին՝ մայր Սոֆիա Յակոբեանի եւ գաղութի ամէն մէկ գիտակից հայրենակիցի նիւթական ու բարոյական նուիրաբերումով հպարտօրէն վեր խոյացաւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանը, որուն 60-ամեակը նշուեցաւ անցեալ տարի։ Սակայն, Հայ Կապոյտ Խաչը կանգ չառաւ այդտեղ։ Աւելի քան երեսուն տարի առաջ, դարձեալ գաղութի պատասխանատու մարմիններու ապագայատեսիլ ծրագիրներուն թարգմանը ըլլալով, միութիւնը իր շուքին ու խնամքին տակ առաւ «Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճէնազեան» միջնակարգի գոյութիւնը։ Երեք կրթական հաստատութիւններ, հայ ինքնութեան ու հայ դպրութեան երեք փարոսներ, որոնց «սերմնացան լոյսով» ճառագայթեցին եւ ջերմացան մեր բոլորին ու մանաւանդ՝ մե՛ր զաւակներուն հոգիները։ Այս բոլորին համար կ՚արժէ բարձրաձայն աղաղակել՝ «Վարձքդ կատա՛ր, Հայ Կապոյտ Խաչ»։
Սիրելի՛ ներկաներ,
Այս հակիրճ մտածումներու սկիզբին ալ յայտնուեցաւ, թէ այսօրուան յոբելենական հաւաքը միայն անցեալին տուրք տալու ելոյթ մը չէ, այլ վերանորոգուելու, ապագայի մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր սիրելի կառոյցը վահանելու անկիւնադարձային հանգրուանն է։
Ժամանակները էապէս փոխուած են։ Հայու հպարտանքը հանդիսացող Արցախը լիովին հայաթափուեցաւ, թշնամիի գարշահոտ շունչը սկսած է ապականել հայրենի երկինքը, իսկ հայրենիքի ներքին ու արտաքին զարգացումները խոր մտահոգութիւն եւ հիասթափութիւն ստեղծող իրականութեան առջեւ բերած են ազգը՝ իր ամբողջութեամբ։
Միւս կողմէն, Սփիւռքը բռնած է մաշումի ճամբան, ուր ազգային արժէքներու, հայու ինքնութեան, գիտակցութեան, հաւաքական մտածողութեան, լեզուին, հայակրթութեան արագաշարժ նահանջը, գաղութներու համայնական կեանքէն կամայ կամ ակամայ հեռաւորութիւն պահելու մտայնութիւնը ամէն օր կը կրծեն ու կը հիւծեն հայութեան մարմինը եւ գոյատեւելու իր կարողականութիւնը։
Դժբախտաբար, յունահայ գաղութն ալ անմասն չէ մնացած այս յորձանուտէն։ Դժուար կ՚երեւին ըլլալ գալիք օրերը, աւելի հիասթափեցնող կը թուին ըլլալ հեռուն երեւցող պղտոր պատկերները։
Այսօր, աւելի քան երբեք, Հայ Կապոյտ Խաչը եւս պարտի իր գործունէութեան ուղիները պատշաճեցնել նոր գալիքներուն կամ մարտահրաւէրներուն համաձայն։
Գաղութային նկարագիրի արմատական փոփոխութեան դիմաց, այլեւս կարգ մը դասական հասկացողութիւններ կը դառնան ժամանակավրէպ ու երբեմն վանեցնող։ Ըմբռնումներու, մօտեցումներու եւ գործելաձեւի նոր գործիքակազմերու որդեգրումը կը դառնայ հրամայական։ Արդէն, ան որ մօտէն կը հետեւի Հ.Կ.Խաչի կեանքին, պիտի նշմարէ, թէ ժամանակին հետ քայլ պահելու նախանձախնդիր մօտեցումով, շարք մը արդի ընկալումներ տեղ գտած են միութեան զինանոցին մէջ։ Սակայն, անոր առջեւ կը բացուի գաղութային դառն իրականութիւն մը. մէկ կողմէն ազգային արմատներէն հեռացող խաւերը, միւս կողմէն՝ հայրենի հողէն Յունաստան կայք հաստատած հայրենակիցներու՝ այլասերումի վտանգին ենթակայ հսկայ զանգուածները, որոնց մէջ Հ.Կ.Խաչը երախտաւոր տեղ եւ խօսք ունի։ Միայն Հայ Կապոյտ Խաչի ներգործական ուժը եւ մեր հաւաքական զօրաշարժը կրնան մերձեցումի ճամբաներ բանալ այդ զանգուածներուն առջեւ։
Նշեցինք, թէ Հայ Կապոյտ Խաչի անկիւնադարձային իրագործումներէն մէկը հանդիսացաւ հայ դպրոցին պահպանումը։ Ժամանակը հասած է, որպէսզի միութիւնը աւելի գործուն դառնայ հետզհետէ նահանջող հայակրթութեան մարզին մէջ։ Ի գին ամէն զոհողութեան, պէտք է առաջքը առնել՝ որպէսզի ապագայ մատղաշ սերունդներուն մէջ մեր ոսկեղնիկ հայերէնը երկրորդական ուսուցման լեզու չդառնայ։ Հայ Կապոյտ Խաչը դեր ունի նորահաս սերունդներու ու անոնց ծնողներուն ներգրաւման գործին մէջ, խօսք ունի հայ ուսուցիչի վերապատրաստման ծրագիրներուն մէջ, միութիւնը խօսք ունի կրթական ծրագիրներու անշեղ կիրարկումին մէջ։ Տակաւին՝ իր քոյր միութեան, Հայ Գթութեան Խաչի գործակցութեամբ, պէտք է հետամուտ ըլլալ կրթական մէկ ցանցի մէջ ամրապնդելու Աթէնքի եւ հիւսիսային Յունաստանի վարժարաններու անխափան ընթացքը ու հայակրթական յառաջդիմութիւնը։
Սիրելի ներկաներ, ապագային մասին այս մտորումներու շարքը կրնայ երկարիլ, սակայն հոս տեղը չէ զանոնք ենթարկելու լայնածիր քննարկման։ Հայ Կապոյտ Խաչի գերագոյն ժողովները եւ պատասխանատու վարչութիւններու ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքը ցոյց կու տան, թէ ո՛չ կամքը կը պակսի, ո՛չ ալ աշխատելու անսպառ ուժը։ Իր հարիւրամեայ երթի ընթացքին, Հայ Կապոյտ Խաչը քանիցս փաստած է, թէ ինքզինք վերանորոգող, ինքզինք արժեցնող, յունահայութեան համար ամէնէն թանկագին կառոյցը կը շարունակէ մնալ։
Հարիւր տարիէ ի վեր, Հայ Կապոյտ Խաչի գոյութեան իմաստը կենսաւորուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային եւ գաղափարական ակունքէն։ Անքակտելի այս շղթային օղակները իրար ամրապնդեցին, որովհետեւ մեր խաչուհի նուիրեալները, անուսադիր պահակները, երէկ եւ այսօր, հայ ժողովուրդին վրայ «կը հսկեն քառաթեւ» ու «կը գործեն աննահանջ», ապրեցնելու համար հայ ժողովուրդի գոյութեան իմաստը։
Այսօրուան տարեդարձի պանծալի նշումը մեզ բոլորս կը բերէ նոր պարտաւորութիւններու առջեւ։ Եթէ անցեալին մեր հայրենակիցները հպարտութեամբ իրենց կեանքի վաստակէն կարեւոր բաժիններ կը նուիրէին Հայ Կապոյտ Խաչին, որպէսզի ամուր կանգնի մեր հաւաքական կեանքը եւ շէն մնայ ազգի տունը, այսօր եւս պարտինք ծրիլ մեր Միութեան վրայ, մեր ուժերու գերլարումով տէր կանգնիլ Կապոյտ Խաչի նուիրական ծրագիրներուն հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, տալով անոր այն արդար բաժինը, որուն հազարապատիկը ետ կու գայ խաչուհի նուիրեալներու տքնաջան աշխատանքով։
Բոլորիս հաւաքական ջանքերով աւելի ուժեղ դարձնենք մեր մեծ միութիւնը՝ Հայ Կապոյտ Խաչը։ Որպէսզի անոր փառահեղ քայլերգը շարունակէ արմատաւորուիլ մեր մատղաշ աշակերտներու հոգիին մէջ. որպէսզի ակումբներուն, հաստատութիւններուն եւ սեփական օճախներուն մէջ քայլերգի մայրական շշնջումը դառնայ հպարտառիթ ու ոգեշնչող բարձրագոչ հրաւէր։
Անգամ մը եւս՝ վարձքերնիդ կատար, խաչուհիներ. Հպա՛րտ ենք ձեզմով։