image

Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները զօրավարժութիւն իրականացուցած են

Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները զօրավարժութիւն իրականացուցած են

Նոյեմբեր 6-էն 10-ը Աթթիքայի Նէա Փերամոս շրջանին մէջ Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի յատուկ նշանակութեան ուժերու եռակողմ համատեղ զօրավարժութիւն տեղի ունեցած է, յայտնած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբը։

«2023 թուականի նոյեմբեր 6-էն 10-ը, որպէս միջազգային համագործակցութեան ծրագրման մաս, Զինուած ուժերը մասնակցած են յատուկ նշանակութեան ուժերու՝ Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի յատուկ նշանակութեան ջոկատներու եռակողմ համատեղ վարժանքին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Համատեղ վարժանքը Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ 2023 թուականի Համատեղ գործողութիւններու ծրագրի մէկ մասն է: