Յունաստանին պատկանող Laax չորաբեռնատար նաւը, որ կը նաւարկէր Մարշալեան կղզիներու դրօշի ներքոյ, Կարմիր ծովուն մէջ հրթիռային յարձակման ենթարկուած է եւ վնասուածքներ ստացած։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է The Times of Israel թերթը։
Ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը, սակայն կ՚ենթադրուի, որ գրոհն իրականացուցած են Եմէնի հուսիները, որոնք Կազայի մէջ ընթացող պատերազմի ընթացքին բազմաթիւ յարձակումներ կատարած են Կարմիր ծովով նաւարկող նաւերու վրայ։
Միացեալ Թագաւորութեան ծովային առեւտրային գործառնութիւններու վարչութեան տուեալներով՝ Laax չորաբեռնատար նաւու վրայ առաջին յարձակումը տեղի ունեցած է Կարմիր ծովու հարաւը գտնուող Հոտէյտա նաւահանգստային քաղաքի մօտ՝ Պապ ալ Մանտեպի նեղուցէն ոչ հեռու: Նաւը վնասուածքներ ստացած է, սակայն շարունակած է նաւարկութիւնը։
Աւելի ուշ երկրորդ հարուածի հետեւանքով բեռնանաւը «լրացուցիչ վնասուածքներ ստացած է»։ Ambrey մասնաւոր անվտանգութեան ընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ «բեռնային հատուածամասը վնասուածքներ ստացած է, եւ նաւուն մէջ սկսած է ջուր լեցուիլ»:
Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) հաղորդած է, որ մայիս 28-ին, Սանաայի ժամանակով ժամը 12:05-ի եւ 13:40-ի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին հուսիները Եմէնի մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն հինգ հականաւային պալիսթիք հրթիռ արձակած են Կարմիր ծով: Laax չորաբեռնատար նաւը հաղորդած է, որ խոցուած է երեք հրթիռով, սակայն շարունակած է նաւարկութիւնը։
Իսկ մայիս 28-ի առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութեան ուժերը յաջողութեամբ հինգ անօդաչու ոչնչացուցած են Կարմիր ծովու երկինքին մէջ, որոնք արձակուած էին հուսիներու կողմէ վերահսկուող Եմէնի շրջանէն: