Յորդանանը չեղեալ յայտարարած է Կազայի հատուածին մէջ իրավիճակի վերաբերեալ 18 հոկտեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Եգիպտոսի ու Պաղեստինի առաջնորդներու հետ քառակողմ գագաթնաժողովը։
Այդ մասին յայտնած է Al Jazeera հեռուստաընկերութիւնը։
Պաղեստինի ազգային վարչակազմի ղեկավար Մահմուտ Ապասը յայտարարած է, որ մտադիր չէ մասնակցիլ չորեքշաբթի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Ամմանի մէջ նախատեսուած հանդիպման՝ Կազայի հատուածին մէջ հիւանդանոցի վրայ յարձակումէն ետք: Ապասի՝ հանդիպման մասնակցելէ հրաժարելու մասին յայտարարութենէն ետք Յորդանանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ կը չեղարկեն Ամմանի մէջ նախատեսուած գագաթնաժողովը:
Կողմերը պէտք է քննարկէին Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու ուղիները, այդ իրադարձութիւններու հետեւանքները տարածաշրջանի վրայ եւ Կազայի հատուածին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելը։