image

Եոհաննեսպուրկի մէջ մեկնարկած է G20-ի գագաթնաժողովը

Եոհաննեսպուրկի մէջ մեկնարկած է G20-ի գագաթնաժողովը

Հարաւային Ափրիկէի Եոհաննեսպուրկ քաղաքին մէջ մեկնարկած է G20-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովը, որուն կը նախագահէ Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւնը։

Գագաթնաժողովը պիտի տեւէ երկու օր։ Կը կայացուի երեք նիստ, որոնք բոլորը փակ են։

ԱՄՆ-ի, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդները հանդիպման ներկայ պիտի չըլլան․ Ուաշինկթընը պոյքոթած է գագաթնաժողովը, իսկ Մոսկուայէն եւ Փեքինէն պատուիրակութիւններ ժամանած են։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը լրագրողներուն յայտնած էր, որ ԵՄ առաջնորդները եւ Վլատիմիր Զելենսքին G20 գագաթնաժողովին կը պատրաստուին քննարկել ԱՄՆ-ի խաղաղութեան ծրագիրը։

«Մենք պիտի քննարկենք իրավիճակը ինչպէս եւրոպացի առաջնորդներու, այնպէս ալ այստեղ՝ G20-ի շրջածիրէն ներս գտնուող առաջնորդներու հետ: Ես նաեւ պիտի կապուիմ նախագահ Զելենսքիի հետ՝ այս հարցը քննարկելու համար», —ըսած էր ֆոն տեր Լեյէնը:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրը կը ներառէ 28 կէտ: Այն հրապարակուած է Axios-ի կողմէ: Խաղաղութեան հասնելու պայմաններէն են Ուքրանիոյ հրաժարումը ՆԱԹՕ-ին միանալէն, Խրիմի, Տոնեցքի եւ Լուկանսքի մարզերու ճանաչումը որպէս Ռուսիոյ տարածքներ, ուքրանական բանակի կրճատումը կիսով չափ եւ Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններու կայացումը համաձայնագրի ստորագրումէն 100 օր անց։

Զելենսքին համաձայն չէ համաձայնագրի դրոյթներու հետ։ Ան մտադիր է առաջիկայ օրերուն քննարկել ծրագիրը Թրամփի հետ։