Ռուսական «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանը 2025 թուականի յունիսի սկիզբը իրաւարարութեան կամ միջնորդութեան (արբիտրաժային) վարոյթ սկսած է Ֆրանսայի դէմ՝ Ներդրումային վէճերու կարգաւորման միջազգային կեդրոնին մէջ (ICSID, որ Համաշխարհային դրամատան խումբի մաս կը կազմէ, գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ). այս մասին գրած է «Քոմերսանթ»-ը՝ յղում ընելով համապատասխան տուեալներու մատեանին։
Գործի նիւթերը եւ պահանջներու էութիւնը չեն նշուած, սակայն վէճի առարկան անշարժ գոյքն է։ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը եւ ICSID-ն չեն արձագանգած «Քոմերսանթ»-ի հարցման։
Ըստ աղբիւրի՝ դատական հայցը, հաւանաբար, կը վերաբերի գործարարի՝ Քոթ տ'Ազուրի մէջ (Լազուր ափ) կալանքի տակ գտնուող 120 միլիոն եւրո արժողութեամբ վիլլային: Փաստաբանները կը կարծեն, որ գործարարի ներկայիս քրէական հետապնդումը Հայաստանի մէջ կրնայ թուլացնել անոր դիրքերը դատարանին մէջ ֆրանսական իշխանութիւններու դէմ:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ֆրանսայի մէջ դատարանը սառեցուցած է Կարապետեանի՝ Լազուր ափի Ռոքպրուն քափ Մարթեն հանգստավայրին մէջ գտնուող Irina Maria վիլլայի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքը: Պաշտօնապէս այն կը պատկանի ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանին, սակայն Փարիզի դատախազութիւնը կը կարծէ, որ ատոր իրական շահառուն ռուսական նաւթակազային հսկայի՝ «Կազփրոմ»-ի դուստր ձեռնարկութիւնն է: Այս մասին, dw.com-ի հաղորդմամբ, գրած էր ֆրանսական Le Monde թերթը։
Ինչպէս նշած էր Le Monde-ը, վիլլան, որ յայտնի է Villa del Mare անունով, կը գտնուի 3 հեքթար հողատարածքի վրայ: Այն, բացի բազմայարկ գլխաւոր շէնքէն, կը ներառէ նաեւ երեք լողաւազան, թենիսի դաշտ եւ ուղղաթիռի հարթակ։ Այս գոյքի ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 120 միլիոն եւրո։
Վիլլայի սեփականութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ սեփականատէր ընկերութեան՝ SNC Maritime Villa Holding-ի բաժնետոմսերը սառեցնելու հրամանը կը թուագրուի 2024 թուականի փետրուար 12-ով։
Ինչպէս նշած էր AFP-ն, Irina Maria վիլլայի վերաբերեալ հետաքննութիւնը վարած է Փարիզի դատախազութեան՝ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի վարչութիւնը (Junalco)՝ 2009 թուականի դեկտեմբեր 11-էն Փարիզի, Կիպրոսի, Ռուսիոյ եւ Ռոքպրուն-Քափ Մարթինի մէջ կատարուած փողերու լուացման փաստերով:
Նշուած էր, որ 2016 թուականին «Կազփրոմ Նեֆթ»-ը՝ «Կազփրոմ»-ի նաւթային դուստր ձեռնարկութիւնը, վիլլան վաճառած է Սամուէլ Կարապետեանին։ Այնուամենայնիւ, Junalco-ի նախաքննութեան ընթացքին բազմաթիւ փաստեր բացայայտուած են, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ վիլլան իրականութեան մէջ երբեք դուրս չէ եկած «Կազփրոմ Նեֆթ»-ի վերահսկողութենէն, յայտնած էր Le Monde-ը:
Լրագրողներու կողմէ վերլուծուած փաստաթուղթերու համաձայն՝ Սամուէլ Կարապետեանը «Կազփրոմ Նեֆթ»-էն անշարժ գոյքի սեփականատէր հանդիսացող Maritime Villa Holding SNC ընկերութեան բաժնետոմսերը գնած էր «Կազփրոմպանք»-ի կողմէ տրամադրուած 115 միլիոն եւրոյի վարկի շնորհիւ։