Թրքական արտադրութեան «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչուները կը գտնուին Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու սպառազինման կազմին մէջ եւ մշտապէս պատրաստ են մարտական կիրառման: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ Զինուած Ուժերու հրամանատար զօրավար Սերկէյ Նաեւ:
««Պայրաքտար»ները մարտական հերթապահութեան կանգնած են այս տարուան գարունէն ի վեր: Հետախուզութիւն եւ փորձարկում կատարուած է: Երբ Ուքրանիան գնեց այդ համալիրները, տեղի ունեցած է նաեւ անձնակազմի համապատասխան վերապատրաստում զանոնք օգտագործելու համար: Այսօր «Պայրաքտար»ներու բոլոր անձնկազմերը պատրաստ են հետախուզութեան ցերեկուայ եւ գիշերային ժամերուն, ինչպէս նաեւ մարտական կիրառման», ըսած է հրամանատարը:
Նաեւի խօսքով՝ ուրանական «Պարաքտար» անօդաչուները ցոյց տուած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը եւ գործնական տուեալներ փոխանցած են հակառակորդի մասին:
Ըստ հրամանատարին՝ անոնք հերթապահութիւն կ'ընեն ոչ միայն Տոնպասի մէջ, այլեւ՝ Ուքրանիոյ հիւսիսը: