image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Politico-ի՝ ռուսական ուժերու կուտակում Ուքրանիոյ հետ սահմանին

Ըստ Politico-ի՝ ռուսական ուժերու կուտակում Ուքրանիոյ հետ սահմանին

Ասոնք սովորական խամաճիկներ են: Այս ամէնը ունի մեկ նպատակ՝ նուազագոյնի հասցնել Ուքրանիոյ ներուժը եւ ստիպել անոնց նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Ռուսաստանի պայմաններով:

 

Politico-ն հրապարակած է արբանեակային լուսանկարներ, որոնք իբրեւ թէ կը հաստատեն վերջին տեղեկութիւնները առ այն, որ Ռուսաստանը կրկին զօրքեր եւ զրահամեքենայ կը կեդրոնացնէ Ուքրանիոյ հետ սահմանին։

Նկարներուն վրայ, ըստ հրապարակման, կարելի է տեսնել ռազմական արհեստագիտութեան, այդ շարքին՝ հրասայլերու կուտակում Սմոլենսքի մարզի Ելնյա քաղաքին մօտ։ Ելնյան կը գտնուի Պելառուսիոյ հետ սահմանին մօտ՝ Ուքրանիոյ հետ սահմանէն մօտ 250 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Առաջին տեղափոխումը այնտեղ, ըստ հրապարակման, սկսած է Սեպտեմբերի վերջը։ Ինչպես կը յայտնէ Politico-ն՝ Ռուսաստանի 4-րդ հրասայլային զօրաբաժինի սարքերը տեղափոխուած են Պրյանսքի եւ Քուրսքի շրջակայք՝ Ուքրանիոյ հիւսիսային սահմանից ոչ-հեռու։

Ստորաբաժանումները համալրուած են Տ-80ՈՒ մարտական հրասայլերով եւ ինքնագնաց հրետանային կայանքներով։ 

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Նոյեմբերի սկիզբի դրութեամբ ուքրանական սահմաններուն մօտ եւ ժամանակաւոր գրաւեալ տարածքներուն մէջ տեղակայուած է մօտ 90.000 ռուս զինուոր։

«Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ Ուքրանիոյ պետական սահմանին մօտ եւ Խրիմի ու Տոնեցքի ու Լուկանսքի շրջաններու ժամանակաւոր գրաւուած տարածքներուն մէջ։

Ուքրանիոյ հետախուզական գործակալութիւններուն տրամադրած փաստերը իրենց հաստատումը կը գտնեն Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին տեղեկատուութեան փոխանակման մէջ։

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրամանատար Ալեքսանտր Փավլյուք յայտարարած էր, որ Ուքրանիան պատրաստ է մագլցումի եւ Տոնպասի մէջ ռազմական գործողութիւններու նոր փուլի։

Ան վստահեցուցած է, որ ուքրանական զօրքերը պատրաստ են անոր։ Բացի այդ, Փավլյուք ըսած է, որ «Տոնպասի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ներկայացուցիչները չի համարեր անկախ միաւոր, որն ունի իր կարծիքը»:

«Ասոնք սովորական խամաճիկներ են: Այս ամէնը ունի մեկ նպատակ՝ նուազագոյնի հասցնել Ուքրանիոյ ներուժը եւ ստիպել անոնց նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Ռուսաստանի պայմաններով», նկատած է հրամանատարը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէ Թարանը երէկ հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է։