Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ ըսաւ, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ ամիս իրեն յայտնած է, որ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը «պիտի մնան ԱՄՆ-ի «սեւ ցուցակ»ին մէջ»:
Պենեթ շնորհակալութիւն յայտնած է Պայտընին՝ այս որոշման համար: «Ես կ'ողջունեմ ԱՄՆ-ի վարչակազմին որոշումը` Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը պահել օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ», ըսած է ան:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերին, «նախագահը կ'ընէ այն, ինչ կը բխի Ամերիկայի ազգային անվտանգութէան շահերէն»:
Հակառակ որոշակի յառաջընթացի վերաբերեալ նախկին նշաններուն, Իրանի միջուկային համաձայնագրի վերականգնման ուղղուած անուղղակի բանակցութիւնները ամիսներէ ի վեր կը մնան փակուղի մէջ:
Վերջին հիմնական վիճելի կէտերէն մէկը Թեհրանի խնդրանքն էր, որ ԱՄՆ-ն հանէ «Յեղափոխութեան պահակներ»ը օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն: