Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը (ԱՀԾ) մշտապէս կը գրանցէ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի միւս երկիրներու ցաւոտ կէտեր գտնելու փորձերը, որ հակամարտութիւններ հրահրէ ԱՊՀ տարածքին մէջ, ըսած է գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինը, տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։
«Այդ ապակառուցողական եւ խափանարար գործունէութեան նմուշներէն է իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ, ուր տասնամեակներու ընթացքին սերմանուած են ազգայնականութիւն եւ ռուսատեացութիւն, որ յանգեցուցած է ցաւալի արդիւնքներու»,- ըսած է ան։ Նարիշքինի խօսքով՝ այդ յանգեցուցած է «բարգաւաճող Ուքրանիան բռնապետական եւ կաշառակեր պետութեան վերածուելուն»։
«Մեր յատուկ ծառայութիւններու ընդհանուր խնդիրը այժմ արեւմտեան երկիրներու ապակառուցողական գործողութիւնները դիմակայելն է մեր պետութիւններու տարածքին»,- աւելացուցած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը։