image

Ըստ Նարիշքինի Ամերիկան հրահրող

Ըստ Նարիշքինի Ամերիկան հրահրող

Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը (ԱՀԾ) մշտապէս կը գրանցէ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի միւս երկիրներու ցաւոտ կէտեր գտնելու փորձերը, որ  հակամարտութիւններ հրահրէ ԱՊՀ տարածքին մէջ, ըսած է գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինը, տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

«Այդ ապակառուցողական եւ խափանարար գործունէութեան նմուշներէն է իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ, ուր  տասնամեակներու ընթացքին սերմանուած են ազգայնականութիւն եւ ռուսատեացութիւն, որ յանգեցուցած է ցաւալի արդիւնքներու»,- ըսած է ան։ Նարիշքինի խօսքով՝  այդ յանգեցուցած է «բարգաւաճող Ուքրանիան բռնապետական եւ կաշառակեր պետութեան վերածուելուն»։

«Մեր յատուկ ծառայութիւններու ընդհանուր խնդիրը այժմ արեւմտեան երկիրներու ապակառուցողական գործողութիւնները դիմակայելն է մեր պետութիւններու տարածքին»,- աւելացուցած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը։