image

Ըստ «Լը Մոնտ»ին լարուածութիւնը պիտի աւելնայ

Ըստ «Լը Մոնտ»ին լարուածութիւնը պիտի աւելնայ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ռազմական միջադէպերու քանակի աճը կասկածի տակ կը դնէ երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման հարցը, գրած է ֆրանսական Le Monde պարբերականը` նկատելով, որ Յունիսին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան պահպանումը հանգստացուցած է Պաքուն, քանի որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վախնային ընդդիմութեան` իշխանութեան վերադարձէն:
 
«Ընդդիմութիւնը կը սպառնար չեղարկել 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, որով աւարտած է 44-օրեայ պատերազմը»,-գրած է լրագրող Էմանուէլ Կրինշփանը` Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն 50 քմ հարաւ` Նախիջեւանի մատոյցներուն մօտ տեղի ունեցած բախումներուն:
 
«Չորեքշաբթի, 14 Յուլիսին, փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայ զինուոր սպաննուած է, ատրպէյճանցի մէկ զինուոր վիրաւորուած է: Ուրբաթ նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած է եւս մէկ բախում, որու ընթացքին ոչ ոք տուժած է: Վերջին օրերուն փոխհրաձգութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Շուշա քաղաքի (հայերէն ՝ Շուշի) շրջակայքը, Լեռնային Ղարաբաղի սրտին մէջ` տարածքին մէջ տեղակայուած 2000 ռուս խաղաղապահներու քիթի տակ: Թշնամական երկու ճամբարները կը հրաժարին պատասխանատուութենէն՝ այս միջադէպերու համար», -ըսուած է յօդուածին մէջ:
 
Կրինշփանը նկատած է, որ պատերազմէն ետք երկու երկիրներու թշնամութիւնը չի հանդարտիր, բայց Յունիսէն ի վեր Ռուսաստանի միջոցով բանակցութիւնները որոշակի առաջընթաց գրանցած են:
 
«Ատրպէյճանը դժկամօրէն կ'ազատէ զինադադարէն ետք գերեվարուած հայերը՝  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական զինուած ուժերու կողմէ ականապատուած տարածքներու քարտէզներու փոխարէն: Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին անոնք հարիւր հազարաւոր ականներ տեղադրած են ՝ թշնամիի առաջխաղացումը զսպելու յոյսով», - նշած է յօդուածի հեղինակը:
 
Կրիշփինը նաեւ ընդգծած է, որ  վստահութիւն չկայ նաեւ Ատրպէյճանի եւ արեւմտեան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ` օրինակ բերելով Պաքուի հրաւէրով դիւանագիտական ջոկատի քառասունէ աւելի ներկայացուցիչներու այցը Շուշի, բայց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպաններու կողմէ այդ հրաւէրի անտեսման աղմկայարոյց դէպքը:
 
«Երբ 9 Յուլիսին Պաքուն կազմակերպեց դեսպաններու այցը Շուշա (Շուշի)՝ Լեռնային Ղարաբաղը գրաւելու խորհրդանշական քաղաք, 46 երկիր արձագանգեց: Բայց Մինսքի խումբի երկիրներէն (Ֆրանսա, ԱՄՆ, Ռուսաստան) կամ Գերմանիայէն ոչ մէկ ներկայացուցիչ եկաւ», - մեկնաբանած է լրագրողը` աւելցնելով, որ Իլհամ Ալիեւը լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանէ Վլատիմիր Փութինի հետ, իսկ Ուաշինկթընի, յատկապէս Փարիզի հետ կապը կտրուկ վատացած է:
 
«Հայաստանը մօտ է Մոսկուային, քանի որ անկէ կախուած է Հայաստանի անվտանգութիւնը, սակայն Երեւանը կարողացած է մերձենալ Եւրոմիութեան»,-գրած է հեղինակը` յիշեցնելով, որ  խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Պրիւքսէլը Հայաստանին առաջարկած է 5 տարուան ընթացքին 2,6 միլիառ եւրոյի չափով աջակցութիւն՝  հակամարտութեան հետեւանքները յաղթահարելու համար:
 
Լրագրողը նկատած է, որ Պաքուին ԼՂ վերականգնման համար պիտի յատկացուի 140 միլիոն եւրօ: 
 
«Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը, ի հարկէ, 4 անգամ աւելի մեծ է, քան Հայաստանի տնտեսութիւնը` զգալի ածխաջրածնային միջոցներու շնորհիւ: Այնուամենայնիւ, անոր մենատիրական ռեժիմը եւ Հայաստանի հետ հակամարտութեան քաղաքական լուծման բացակայութիւնը երկիրը կը պահեն Եւրոպայի ծայրամասերուն մէջ»,-եզրափակած է հեղինակը: