Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուած է, որ ՌԴ խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:
«Զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք – խմբ.) փոխադրային միջոցներու երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պարեկութիւն իրականացուած է Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ՌԴ խաղաղապահները Գորիս – Ստեփանակերտ երթուղիով ուղեկցած են մարդասիրական բեռով շարասիւնը։