image

Ըստ Daily Sabah-ի Անցնող 20 Յուլիսէն Սկսեալ PKK-ի 771 Զինեալներ Սպաննուած են

Ըստ   Daily  Sabah-ի      Անցնող  20 Յուլիսէն Սկսեալ  PKK-ի   771     Զինեալներ Սպաննուած են

Թուրքիա-  Ըստ     Daily Sabah պարբերականին անցնող  20 Յուլիսէն     մինչեւ օրս Թուրքիոյ    տարբեր շրջաններուն ինչպէս նաեւ սահամանային հատուածներւն վրայ   PKK-ի     771    զինեալներ զոհուած են: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   զոհերուն   430-ը   սպաննուած է   Թուրքիոյ  օդուժին կողմէ կատարուած  գրոհներուն  հետեւանքով եւ յատկապէս  Իրաքեան հիւսիսային  շրջաններուն եւ Քանտիլ  լեռնային  հատուածին մէջ:    Նշենք, որ  թրքական ուժերուն եւ  PKK-ի միՋեւ  2013 թուականին   Ապտալլա Օճալանին (բանտը գտնուող)  կողմէ  յայտարարուած հրադադարը   չի գործեր եւ  երկրի     տարբեր քրտաբնակ հատուածներուն մէջ   բախումներ կը գրանցուին: