Հայաստան միտումնաւոր կ'երկարաձգէ ժամանակը, նոր զինատեսակներ կը գնէ Ֆրանսայէն ու արեւմտեան այլ երկիրներէ եւ իր տարածքին մէջ երրորդ երկիրներու մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններ կը կատարէ։ Այս մասին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, պէտք է վերցուին, սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի, իսկ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը եւ անոր հետ կապուած կառոյցները, որոնք արդէն կորսնցուցած են իրենց արդիականութիւնը, պէտք է ամբողջութեամբ լուծարուին։
Ատրպէյճանի ղեկավարն ընդգծած է, որ «Հայաստանի դիրքորոշումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հարցով, տարակուսանք կ'առաջացնէ»։ Անոր խօսքով՝ «եթէ հակամարտութիւնն աւարտած է եւ Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու մասին, ուրեմն ի՞նչ կարիք կայ Մինսքի խումբին, որ արդէն կորսնցուցած է իր արդիականութիւնը»։
Ալիեւի խօսքով՝ Հայաստան շահագրգռուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքմամբ եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատմամբ: