image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Ալիեւի՝ Երեւան դեռ չէ պատասխանած խաղաղութեան շուրջ պայմանագիր կնքելու Պաքուի առաջարկին

Ըստ Ալիեւի՝ Երեւան դեռ չէ պատասխանած խաղաղութեան շուրջ պայմանագիր կնքելու Պաքուի առաջարկին

Վստահ եմ, որ մեր ջանքերը դրական պիտի ընդունուին Հայաստանի կողմէ, եւ բազմամեայ հակազդեցութեան վերջ պիտի դրուի: Մեր առաջարկն է խաղաղութեան շուրջ պայմանագիր կնքել, սակայն այն մնացած է անպատասխան:

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ Երեւան դեռ չէ պատասխանած խաղաղութեան շուրջ պայմանագիր կնքելու Պաքուի առաջարկին: Այս մասին Ալիեւ ըսած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ:

«Վստահ եմ, որ մեր ջանքերը դրական պիտի ընդունուին Հայաստանի կողմէ, եւ բազմամեայ հակազդեցութեան վերջ պիտի դրուի: Մեր առաջարկն է խաղաղութեան շուրջ պայմանագիր կնքել, սակայն այն մնացած է անպատասխան», յայտարարած է Ալիեւ:

Անոր խօսքով` Ատրպէյճանի նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումն է:

Ընդ որում, Ալիեւ կրկին Հայաստանը մեղադրած է «հաղորդակցութիւնները բանալու, Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ ատրպէյճանական բեռներու տեղափոխումն ու  քաղաքացիներու փոխադրումը անխոչընդոտ ապահովելու հարցով պարտաւորութիւնները չկատարելու» մէջ: