Ընթերցումներս (54)
Սաստկաբանութիւն (գ)
Շարահիւսական սաստկացուցիչներ
Շարունակելով մնալ շարահիւսական սատկացիւցիչներու ծիրէն ներս, ապա
նկատելի է, որ՝
ե) որեւէ ուղղակի հարցումի վրայ թէ ոչ, թէ չէ, միթէ բառ-մասնիկներու յաւելումը զգալապէս կը սաստկացնէ անոնց իմաստը՝ օժտելով զանոնք որոշ սպառնական շեշտով մըն ալ:
Օրինակ՝
- Այս պարտքդ պիտի վճարե՞ս...
Այս պարտքդ պիտի վճարե՞ս, թէ՞ ոչ:
-Ի վերջոյ պիտի խոստովանի՞ս...
Ի վերջոյ պիտի խոստովանի՞ս, թէ՞ չէ:
Սաստկացում կը ստացուի նաեւ բուն հարցումին վրայ աւելցնելով մի՞թէ հարցական մակբայը, ինչպէս նաեւ մի՛ ըսեր եւ արդեօ՞ք բառերը:
Օրինակ՝
-Հետեւանքներուն ծանօթ չէի՞ր առաջուց...
-Մի՞թէ հետեւանքներուն ծանօթ չէիր առաջուց:
-Մի՛ ըսեր, թէ հետեւանքներուն ծանօթ չէիր առաջուց:
-Արդեօ՞ք հետեւանքներուն ծանօթ չէիր առաջուց:
զ) բայական կրկնակի ժխտականը, որ իմաստով դրական է, շատ աւելի հար-կաւորիչ ու պարտաւորիչ է, քան բուն դրականը:
Օրինակ՝
- Այս յանցագործը պիտի յանձնենք:
-Այս յանցագործը չենք կրնար չյանձնել,- որ կը նշանակէ ա՛նպայման պէտք է յանձնենք:
-Լաւ կ’ընես ներկայանալով:
-Չփորձուիս չներկայանալու,- որ կը նշանակէ անպայման կը ներկայա-նաս: Այլ խօսքով՝ տրուածը իսկական հրաման մըն է, որ յղի է տակաւին սպառ-նական թաքուն շեշտով մըն ալ:
-Պէտք է ստորագրես այս փաստաթուղթը:
-Իրաւունք չունիս չստորագրելու այս փաստաթուղթը:
-Չես կրնար չստորագրել այս փաստաթուղթը:
Որոնք կը նշանակեն անպայման պիտի ստորագրես:
է) Ինք եւ իրենք
Այս դերանունները, յարաբերաբար ան-ին ու անոնք-ին ունին նախադասութեան ենթական շեշտելու նուրբ ու շատ զգալի զօրութիւն մը, մանաւանդ երբ կ’աւելնայ գոյական ենթակային վրայ, ուր ան աւելորդաբանութիւն չէ:
Նկատենք շեշտումի, այնպէս ալ սատկացումի աստիճանական աճը հետեւեալ երեք զոյգերուն միջեւ.
-Ա՛ն ըսաւ այս բոլորը.. . -Անո՛նք ըսին այս բոլորը:
-Ի՛նք ըսաւ այս բոլորը... -Իրե՛նք ըսին այս բոլորը:
-Մարկոսը ի՛նք ըսաւ այս բոլորը... -Մարկոսենք իրե՛նք ըսին...:
Շեշտումի նոյն սաստկութիւնը կը գտնենք առաջին եւ երկրորդ դէմքերուն հետ եւս, եզակի թէ յոգնակի:
-Ե՛ս ըսի այս բոլորը...
Ի՛նքս ըսի այս բոլորը... -Ես ի՛նքս ըսի այս բոլորը:
-Դո՛ւն ըսիր այս բոլորը...
Ի՛նքդ ըսիր այս բոլորը... -Դուն ի՛նքդ ըսիր այս բոլ
-Մե՛նք ըսինք այս բոլորը...
Ինքնե՛րս ըսինք այս բոլորը... -Մենք ինքնե՛րս ըսինք այս բոլորը:
-Դո՛ւք ըսիք այս բոլորը...
Ինքնե՛րդ ըսիք այս բոլորը... -Դուք ինքնե՛րդ ըսիք այս բոլորը:
* * *
Ու տակաւին ինք-ին կից, բոլոր թիւերով ու դէմքերով, կարելի է աւելցնել անձամբ գործիականը՝ ստանալու համար քիչ մը աւելի սաստկական, հաւանաբար նաեւ՝ ճոռոմ, ձեւեր:
Այսպէս՝
-Դուն ինքդ անձա՛մբ հրաւիրէ զինք»:
Նաեւ՝
-Մենք ինքներս անձա՛մբ պիտի պատասխան տանք:
-Դուք ինքներդ անձա՛մբ պիտի ներկայանաք հաշուետւութեան:
Ինք-ին փոխարէն յաճախ բոլոր դէմքերու եւ թիւերու հետ կը կիրարկուի ինքնին-ը, որ կը նշանակէ ինքնիրեն, ռանաց ուրիշի օգնութեան, անզգայաբար:
-Մարկոսը ինքնի՛ն լուծեց իր հարցերը:
-Դուն ինքնի՛ն պիտի փորձես յաղթահարել այս դժուարութիւնը:
-Մենք ինքնի՛ն ստանձնեցինք բոլոր հետեւանքները:
Ասոնք իրենց կարգին զգալիօրէն աւելի աւելի սաստիկ տարբերակներն են
առանձին կիրարկուած գոյական կամ դերանուն ենթականերուն:
Սաստկական նպատակով կը կիրարկուի նաեւ բոլոր դերանունը՝ աւելնալով գոյականի զանազան հոլովներուն վրայ, ուր ան աւելի կը շեշտէ ամբողջութեան գաղափարը:
Օրինակ՝
-Մենք պիտի յաջողինք...: -Մենք բոլո՛րս պիտի յաջողինք:
-Դուք ընդունուած էք: -Դուք բոլո՛րդ ընդունուած էք:
Նաեւ՝
--մեզ բոլորս, մեր բոլորին, մեր բոլորէն, մեր բոլորով,
--ձեզ բոլորդ, ձեր բոլորին, ձեր բոլորէն, ձեր բոլորով:
Բաղդատել՝
-Ձեզ պիտի ընդունին...: -Ձեզ բոլո՛րդ պիտի ընդունին:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com