image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (4). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (4). Գրեց՝  Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Աւելորդաբանութիւն (4)

 

Աշախարհաբարի մէջ՝ արեւելեան թէ արեւմտեան, ի հնուց անտի աւեր կը գործէ աւելորդաբանութիւն մը, որ կերպով, ձեւով, եղանակով, առոււմով  գործիականներն են: Հայը կրնայ ասոնք,— յատկապէս առաջինը,— զետեղել որեւէ  ածականի  կամ մակբայի վրայ՝ որեւէ առիթով,  եւ կիրարկել իբրեւ բայական ձեւի պարագայ, այսինքն՝ բային գործողութիւնը եղանակաւորող, որպիսութիւնը ցուցանող  մակբայական բառակապակցութիւն: 

Օրինակ՝

--«Երկու անօդաչու թռչող սարքերը ուղղակի կերպով  հարուածած են իրենց թիրախները: Իսլամական դիմադրութիւնը յայատարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած է Սուրիոյ խորքը գտնուող Խատրա գիւղին մէջ գտնուող  ամերիկեան  ռազմակայանին վրայ՝ դարձեալ ընդգծելով, որ սարքը ուղղակի կերպով հարուածած է իր թիրախները» («Ազդակ», 8/11/23,  էջ 1):

--«Մենք բարձր կը գնահատենք  Իրաքի մնայուն կերպով Լիբանանի կողքին կանգնիլը» (Ազդակ, 23/7/2024, էջ 2):

Ասոնք գրողը չ’անդրադառնար, թէ լեզուական ինչպիսի մանուածապատ ու խայտաբղէտ անհեթեթութիւններ կը հնարէ ու կը փաթթէ հէգ ընթերցողի վիզին:

Ջնջենք առաջինին կերպով-ները, պիտի նկատենք, որ նախադասութիւնը իր իմաստէն ոչինչ, բացարձակապէս ոչինչ պիտի կորսնցնէ: Հեղինակը առանց ասոնց ալ կրնար շարադրել իր միտքերը: Տակաւին կը ծագի ուրիշ հարց մըն ալ. կարելի՞ է իրապէս զանազանել թիրախի մը ուղղակի հարուածումը. մի՞թէ գոյութիւն ունի  թիրախ  հարուածելու անուղղակի եղանակ մը կամ ձեւ մըն ալ, որպէսզի հարկ ըլլայ այստեղ շեշտել անոր ուղղակիութիւնը:

—Ինծի ծանօթ չէ հարուածելու անուղղակի եղանակ ըսուածը:

Թիրախ մը կա՛մ կը հարուածենք, կա՛մ կը վրիպինք, սակայն հարուածը չի կրնար կա՛մ ուղղակի , կա՛մ անուղղակի ըլլալ:

Այստեղ աւելորդ է ամբողջ բառակապակցութիւնը՝ ուղղակի կերպով-ը:

Հեղինակը չի վարանիր իր նախադասութիւնը «համեմելու» ուրիշ աւելորդաբանութեամբ մը, որ է երկրորդ  գտնուող դերբայը՝ իրեն կից  մէջ յետա-դրութեամբ՝ մէջ գտնուող:

Որքա՜ն աւելի կիրթ ու կոկիկ պիտի ըլլար  ըսել՝ «Խատրա գիւղի ամերիկեան ռազմակայանին վրայ»:  

                                                                   *   *   *

Նմանապէս  ուրոյն ու յատկանշական է երկրորդ օրինակը իր մնայուն կերպով-ով: 

Եթէ զայն գրողը նուազագոյն նախանձախնդրութիւնը ունենար խուսափելու ճոռոմ ու աւելորդաբան ոճէ, ապա  փոխարէնը պիտի ըսէր՝ յարատեւ կամ միշտ

Եւ պիտի նաեւ վաղուց անդրադարձած ըլլար, որ հայերէնի մէջ ածականները կրնան  առանձին՝ առանց եղանակաւորող բառի ալ բայական սքանչելի լրացում դառնալ. արդարեւ, ջնջենք ստորեւ բերուած օրինակներու մակաբոյծ բառերը, եւ անոնք ոչինչ պիտի կորսնցնեն իրենց իմ՝ աստէն, մինչ անդին  պիտի շահին վայելչութեամբ ու բարեհըն-չութեամբ.:

--Բայց ժողովուրդը յաճախակի ձեւով կը գործածէ:

    --Փորձեցին զանոնք նիւթական առումով շահագրգռել:

            Այսինքն՝ նիւթապէս...

            --Հաւանաբար անցողակի կերպով  ըսենք...: 

            --Սիրայօժար կերպով կը ստանձնեն...:

            -- Պարոնուհի Կոքս մնայուն կերպով օգնած է Արցախին:

            Այսինքն՝ յարատեւ կամ միշտ կամ անընդմէջ...

          --Պքերքէի եւ Այն-Թինէի միջեւ մնայուն կերպով գործակցութիւն կայ:

              --Թրքերէնին զուգահեռ կերպով գործածուած հայերէն մը...:

             --Միջնորդ երկիրները կտրուկ եղանակով դէմ են միջամտութեան:

             --Արաբական լիկան զգուշացուց ուղղակի կերպով  միջամտութենէ:

             --Կարգ մը գրգիռներ ուղղակի կերպով  անդրադարձած են վրաս:

             --Ոճի փոփոխութիւնը շատ յստակ ձեւով տեսանելի է:

            Տակաւին կը հանդիպինք խստիւ կերպով, խստագոյն կերպով, անընդհատ կերպով, առժամեայ կերպով գրողներու ալ:

            --Զինեալ գործողութիւնները պիտի շարունակուին անընդհատ կերպով»  («Մարմարա», 5-11-15):

--Կառավարութիւնը առժամեայ կերպով ձեռք դրած էր պատերազմի տարիներու ընթացքին» (Ռոպեր Հատտէճեան):

Անընդհատ եւ առժամեայ ածականնները լայնօրէն բաւարար են:

Երկրորդը ունի այլ աւելորդաբանութիւն մը՝ ընթացքին-ը, որ կարելի է ջնջել: 

Եթէ վերընթերցենք բոլոր օրինակները առանց իրենց մակաբոյծներուն, ապա պիտի անդրադառնանք լեզուական այն մեծ վայելչութեան, որ զգեցաւ մեր խօսքը եւ... հայերէնը:

Բաղդադել՝ 

--Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք, ընկերներ:

--Ահա հանգիստ կերպով հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք, ընկերներ:

Որքան շքեղ է առաջինը, այնքան անճոռնի, ծանծաղ ու խայտառակ է երկրորդը:

 *   *   *

Ածականին մակբայական կիրարկութիւնը հայերէնի մենաշնորհներէն մէկն է, որ ան ունեցած է ի վաղուց անտի, անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ: Մեր գրաբար մատենագրութիւնը առատօրէն օգտագործած է զայն. քանի մը օրինակ՝ --Պարզ ասա՛ մեզ:

            --Եթէ ուղիղ մատուցանես եւ ուղիղ ոչ բաժանես՝ մեղար:

            --Մանր աղայցես ի նոցանէ

            --Ծածուկ ջանայք զնոյն գործել:

            --Թեթեւ կրիցէք զաշխատանսն:

            --Ազատ եւ անխտիր մեղանչեն

            --Իսկ ես աստ սովամահ կորնչիմ:

            --Թերեւս ունայն իսկ արձակէր զիս:

            --Եւ իբրեւ լուաւ  թէ մեծաբարբառ աղաղակեցի...:

            --Յայտնի լինիցին բանք ձեր, եթէ արդար խօսիցիք:

            --Ապա իբրեւ մեծ իրքն  համարձակ յայտնեցան  ի լսելիս ամենեցուն:

            --Արդ հաստատ գիտեմ զոր լուայն թէ ստոյգ է:

            --Ի նոցուն հրապարակի աներկիւղ...զայսպիսի զգործ կարաց գործել:

Այսպիսի բիւրեղեայ մաքրութեամբ ու պարզութեամբ կ’արտայայտուէին մեր բնիկ լեզուն եւ նախահայրերը`ազատօրէն օգտագործելով ածականը իբրեւ բայական լրացում:



Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com