ԱՄՆ Ծերակոյտը այս տարուան ընթացքին արդէն հինգերորդ անգամ տապալած է այն բանաձեւի քուէարկութիւնը, որ կրնար սահմանափակել նախագահ Տանըլտ Թրամփի ռազմական լիազօրութիւնները Իրանի դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ NBC News-ը։
Ինչպէս կը գրէ NBC News-ը, 46 ծերակուտական կողմ քուէարկած է, սակայն դէմ եղած են 51-ը։ Եւս երեքը քուէարկութեան չեն մասնակցած։
Ծերակուտական Ճոն Ֆեթերմանը միակ դեմոկրատն էր, որ դէմ քուէարկեց, իսկ Ռենտ Փոլը՝ միակ հանրապետականը, որ կողմ քուէարկեց։
NBC News-ը կը նշէ, թէ ձախողած արդիւնքը սպասելի էր եւ յայտնի դարձաւ Ծերակոյտի մէջ բանավէճերէն մօտ մէկ ժամ ետք։
Ինչպէս ծանօթ է, փաստաթուղթը կը նախատեսէ «ԱՄՆ զինուած ուժերու դուրսբերում Իրանի տարածքին մէջ կամ անոր դէմ ուղղուած մարտական գործողութիւններէն, որոնք չեն արտօնուած Քոնկրեսին կողմէ»։
Սա դեմոկրատներու կողմէ ներկայացուած հինգերորդ բանաձեւն է՝ ուղղուած առանց Քոնկրեսի հաւանութեան Իրանի մէջ Թրամփի գործողութիւնները սահմանափակելուն։ Դեմոկրատները յայտարարած են, որ պիտի շարունակեն պատերազմական լիազօրութիւններու բանաձեւեր ներկայացնել այնքան ատեն, քանի դեռ հանրապետականները չեն համաձայնիր Իրանի հարցով հանրային լսումներ կազմակերպել։