image
Հրատապ լուրեր:

«Ընդունիլ մեկնուած խաղաղութեան ձեռքը». Անգարա

«Ընդունիլ մեկնուած խաղաղութեան ձեռքը». Անգարա

Անգարան կրկին Երեւանին կոչ կ'ընէ ընդառաջ երթալ մեկնուած խաղաղութեան ձեռքին եւ օգտուիլ ստեղծուած հնարաւորութենէն:

Նախօրէին նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի նախագահութեամբ գումարուած Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին օրակարգային շարք մը հարցերու շարքին քննարկուած են նաեւ Կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումները:

Շուրջ երեք ժամ տեւած նիստէն յետոյ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Նիստին ընթացքին քննարկուած են Սեւծովեան եւ Կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումները, ընդգծուած է մեր հիւսիսային հարեւաններուն միջեւ միջազգային իրաւունքի եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ, խաղաղ ճանապարհով անհամաձայնութիւններու շուտափոյթ հարթման կարեւորութիւնը: Բացի այդ, կարեւորուած է Հայաստանի կողմէ հրադադարի պահպանման եւ խաղաղութեան առաջարկէն օգտուելով համագործակցութեան երթալու անհրաժեշտութիւնը»: