Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները կը շարունակեն քննարկումները նախագահի թեկնածու առաջադրել կամ չառաջադրելու հարցին շուրջ:
«Որոշման մասին դեռ չեմ կարող ասել, բայց քննարկումները շարունակւում են եւ նախագահի թեկնածու առաջադրման կամ չառաջադրման վերաբերեալ որոշման մասին պատշաճ ժամկէտներում տեղեակ կը պահենք», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը:
Հարցին` թէ արդեօ՞ք այդ հարցիմ շուրջ քննարկումներ եղած են «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան հետ, Մանուկեանը պատասխանեց, որ պաշտօնական քննարկումներ դեռ չեն եղած:
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Մամիջանեան ըսաւ, որ խմբակցութիւնը չունի բաւարար պատգամաւորներու թիւ միայնակ նախագահի թեկնածու առաջադրելու համար, բայց այս պահին իրենք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն «Հայաստան» խմբակցութեան հետ:
«Արդիւնքների մասին անպայման կը տեղեկացնենք», ըսաւ Մամիջանեան: