image

Ընդդիմութիւնը վերջնական որոշում չունի նախագահի թեկնածու առաջադրելու հարցին վերաբերեալ

Ընդդիմութիւնը վերջնական որոշում չունի նախագահի թեկնածու առաջադրելու հարցին վերաբերեալ

Ազգային ժողովի  «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները կը շարունակեն քննարկումները նախագահի թեկնածու առաջադրել կամ չառաջադրելու հարցին շուրջ:

«Որոշման մասին դեռ չեմ կարող ասել, բայց քննարկումները շարունակւում են եւ նախագահի թեկնածու առաջադրման կամ չառաջադրման վերաբերեալ որոշման մասին պատշաճ ժամկէտներում տեղեակ կը պահենք», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը:

Հարցին` թէ արդեօ՞ք այդ հարցիմ շուրջ քննարկումներ եղած են «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան հետ, Մանուկեանը պատասխանեց, որ պաշտօնական քննարկումներ դեռ չեն եղած:

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Մամիջանեան ըսաւ, որ  խմբակցութիւնը չունի բաւարար պատգամաւորներու թիւ միայնակ նախագահի թեկնածու առաջադրելու համար, բայց այս պահին իրենք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն «Հայաստան» խմբակցութեան հետ:

«Արդիւնքների մասին անպայման կը տեղեկացնենք», ըսաւ Մամիջանեան: