image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանէն երկրէն չհեռանալու վերաբերեալ ստորագրութիւն պահանջած են

Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանէն երկրէն չհեռանալու վերաբերեալ ստորագրութիւն պահանջած են

ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութենէն ներս` 12 եւ 20 փետրուար 2021-ին Ազատութեան հրապարակի մէջ կայացած հանրահաւաքներու ժամանակ Վազգէն Մանուկեանի կողմէ՝ իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու առերեւոյթ դէպքերու առթիւ քննուող քրէական գործով, օրէնքով սահմանուած կարգով, Վազգէն Մանուկեանը հրաւիրուած է Քննչական կոմիտէ եւ հարցաքննուած: Այս մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:

Անոր մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով (իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը), եւ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: