Օրերս յատուկ արարողութեան աւարտին մեկնարկը տրուած է Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ գերեզմանի յատակի նորոգութեան աշխատանքներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէմէն։
Կը հաղորդուի, 14 Մարտին Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս եւ իրաւատէր երեք համայնքներու հայ, ուղղափառ և կաթողիկէ եկեղեցիներոու հոգեւոր պետերու օրհնութեամբ տրուած է սրբավայրի յատակի վերանորոգութեան մեկնարկը:
Պատրիարքութեան կողմէ Սուրբ Գերեզման ներկայ եղած են Գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան, Հոգշ. Տ. Սամուէլ ծ.վրդ.Աղոյեան եւ հոգշ Տ. Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան
Հոգեւոր պետերը նախ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկան Սուրբ Գերեզմանի դիմաց, որմէ ետք անոնք նրանք հանեցին յատակի առաջին սալիկը:
Շինարարական աշխատանքի վայրին մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան յատուկ աղօթք ընթերցեց շինարարության համար:
Կը նշուի, որ վերանորոգման աշխատանքերը պիտի տեւեն 26 ամիս: