image

Յիշելով վախճանեալ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը՝ «Պեքճեան հայրիկ»ը

Յիշելով վախճանեալ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը՝ «Պեքճեան հայրիկ»ը

Ի յուշ մեզմէ հեռացած Սրբազան հօր, որ  տեւաբար բոլորիս յիշեցնել պիտի տայ հաւատարմութեան, յարգանքի եւ քրիստոնէական սիրոյ մասին։

Նուաստս «հայրիկ» կը կոչէի Սրբազան Հօր եւ տարբեր առիթներով ալ հոգելոյսին հետ ջերմ եւ անկեղծ զրոյցներ կատարած ըլլալու առիթներ ունեցած եմ։

Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք՝

Գարեգին Սրբազանը, որ Սրբազան ըլլալէ աւելի «Հայրիկ» էր  իմ նման  շատերու համար։ Այսօր  բարիով ու յարգանքով կը յիշատակենք զինք …

Աներեւելի փոթորկումներով անցուց իր կեանքի  վերջին օրերը՝ Գերշ.Տ. Գարեգին  արք. Պեքճեանը։

Սրբազան Հայրը, որ  էր  Գերմանիոյ Հայոց Թեմի երբեմնի  Առաջնորդը  (հաւանաբար  տարիքի  բերումով) հրաժարական տուաւ  իր պաշտօնէն։ Սրբազան հօր  համար   բացուած էր նոր առաքելութեան մը ճանապարհը, որն էր  բարւոք եւ «խաղաղասիրական»   ճամբայ մը գտնել   այդ օրերուն իր թէժութեան    մէջ գտնուող  Պոլսոյ  Պատրիարքական Աթոռին նոր Պատրիարք  ընտրելու խնդրին։

Եւ իրաւամբ Պոլսահայ  մեր հայրենակիցներու որոշ շրջանակ մը  դրական համարելով Սրբազան հօր ներկայութիւնը  իրենց մէջ   կարեւոր ճիգեր գործադրեց, որ Սրբազան Հայրը ընտրուի  Տեղապահ     Պոլսոյ  Աթոռին եւ  իր կարգին ալ հանդարտութեան շունչ մը բերէ   փոթորիկներու եւ աղմուկի մէջ  գտնուող   համայնքի ներքին  օրակարգին։

Լքելով ամէն  ինչ Սրբազանը  այս անգամ  հասաւ Պոլիս  ու ստանձնեց  Պատրիարքի Տեղապահի  պաշտօնը։

Փորձեց ստեղծել դրական միջավայր մը, բայց չկարողացաւ ու անկէ ետք ալ տեղի տալով նոր իրավիճակներուն կրկին անգամ մեկնեցաւ Գերմանիա։

Մինչ այդ արդէն ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց նոր Պատրիարքը եւ Սահակ արք. Մաշալեան ստանձնեց   թրքահայոց հօտը հովուելու առաքելութիւնը։

Տխուր մանրավէպէր շատ կան այս պատումին առընթըեր, բայց  տեղին պիտի չըլլայ այդ բոլորը  վերյիշեցնել…։

Գարեգին արք. Պեքճեան իր կեանքի վերջին օրերը ապրեցաւ Պոլսոյ Ազգային Բուժարանին մէջ, ուր եւ վախճանեցաւ…

Այսօր   անոր վախճանումէն  տարի մը անց եւ շնորհիւ Սահակ Բ. Պատրիարքի  ճիգերուն, (Պատրիարքի կողքին է նաեւ Գերշ. Տ. Արամ արք.  Աթէշեանը)   բացումը կատարուած է Գարեգին Պեքճեան արք.ի    նորակերտ շիրիմին՝ Պոլսոյ  Շիշլի    Ազգային գերեզմանատան  «Պատրիարքներու թաղամաս»ին մէջ։

Ուշագրաւն անշուշտ  Տ. Սահակ եւ Տ. Արամ  արք.ներու որդիական վերաբերմունքն է վախճանեալ  Սրբազան հօր, որ տեւաբար բոլորիս յիշեցնել   պիտի տայ հաւատարմութեան, յարգանքի եւ քրիստոնէական սիրոյ մասին։

Նուաստս «հայրիկ» կը կոչէի Սրբազան Հօր եւ տարբեր առիթներով ալ հոգելոյսին հետ ջերմ եւ անկեղծ զրոյցներ կատարած ըլլալու  առիթներ ունեցած եմ։

Շատ լաւ կը յիշեմ նաեւ, որ ինչ պայմաններու ներքոյ ալ մտերմացայ Սրբազան Հօր եւ այդ առումով  կարեւոր դեր ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի ներկայիս  Առաջնորդ Գերշ. Տ.  Սերովբէ  եպս.  Իսախանեանը, որուն համար ալ կը յայտնեմ ջերմագին շնորհակալութիւններս։

Խոնարհումս եւ սէրս Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ Գերշ. Տ. Արամ արք.Աթէշեանին։