Այսօր կ՚երեւի, որ բոլորն ալ մարտական տրամադրուած են, եւ շատ կարեւոր է ապահովել իսկական Օրինական-իրաւական իշխանութիւն, որ մենք վերջապէս հնարաւորութիւն ունենանք որոշելու մեր երկրի ապագան, ոչ թէ դուրսէն որոշեն։ Այս մասին ըսած է Սամուէլ Կարապետեանը։
«Շատ լաւ տրամադրութեամբ կ՚երթամ քուէարկութեան, մարտական տրամադրութեամբ՝ ինչպէս մեր հայ ժողովուրդը։ Ուրախ պիտի ըլլայի, որ մեր երկիրը չտանինք նոր ցնցումներու, ամէն մէկ ցնցում դարձեալ պիտի յետաձգէ մեր երկրի զարգացումը»,– նշած է ան։
Կարապետեան շեշտած է, որ այսօր որոշ հարցերու պատասխանելը վտանգաւոր է. «Անոնք կրնան զայն քարոզչութիւն համարել եւ դարձեալ հազար հոգի ձերբակալել»։
Պատասխանելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ զինք պատասխանատուութեան ենթարկելու մասին յայտարարութիւններուն՝ Կարապետեան ըսած է. «Ես ամէն օր պատասխանատուութեան կ՚ենթարկուիմ, ես իսկապէս հնարաւորութիւն չեմ ունեցած գալու ընտրութեան, զիս բերած են»։
Հարցումին, թէ ինչի՞ մասին կը վկայէ միջազգային լրատուամիջոցներու առատութիւնը, Կարապետեան պատասխանած է, որ ատիկա Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնն է։
«Հայաստանը աշխարհի համար դարձած է բնականոն սուբյեկտ, եւ բոլորը կը ձգտին ճիշդ պատկերացնել, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Չեմ գիտեր, թէ այդ մէկը որու մասնակցութեամբ է պայմանաւորուած»։